Սպանական «Մարքա» հանրածանօթ մարզական օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ռէալ Մատրիտ շատ մօտէն հետաքրքրուած է Ինթեր Միլանի պելճիքացի յառաջապահ Ռոմելու Լուքաքույով:
Արքայական ակումբը, որ ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ` զօրացնելու համար իր յարձակողական գիծը, պատրաստ է անոր փոխանցման համար վճարելու 85 միլիոն եւրօ:
Նշենք, որ անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին իտալական ակումբը յայտնեց, որ անոր հրաժարագինը սահմանած է 104 միլիոն եւրօ: