Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխ, որ աւստրիական Սալզպուրկի դէմ արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը, «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարք 4-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ այսպիսով արձանագրեց իր 16-րդ յաջորդական յաղթանակը` եւրոպական ֆութպոլի մրցաշարքերուն գծով:
Անիկա այդ արդիւնքը արձանագրելով յաջողեցաւ կրկնել սպանական Աթլեթիքօ Մատրիտի ցուցանիշը, որ միակն ըլլալով նման նուաճումի հասած էր:
Նշենք, որ այժմ մրցումները կը կատարուին խմբակներու դրութեամբ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Հանս-Տիեթըր Ֆլիքի կազմը` Պայէրն ապահովեց «փլէյ օֆ»-ի մրցումներուն իր տոմսը: