Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականը մեկնեցաւ Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաք Մինսք, ուր պիտի կատարէ 14 օրուան ուսումնամարզական հաւաք մը:
Այս հաւաքին կը մասնակցին Արթուր Դաւթեան, Արթուր Թովմասեան, Արթուր Աւետիսեան, Վահագն Դաւթեան եւ Գագիկ Խաչատրեան:
Այլ գետնի վրայ նշուեցաւ, որ Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնը փափաք յայտնած է, որ հայրենի հաւաքականը իր մասնակցութիւնը բերէ 15-21 դեկտեմբերին Փենզայի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունենալիք միջազգային մրցաշարքի մը:
Այդ մրցումներուն կայացման վերջնական որոշումը պիտի յստականայ 1 դեկտեմբերին: