Քաթալոնական Պարսելոնայի բժիշկները կը փորձեն համոզել ակումբի կեդրոնի յետսապահ Ժերար Փիքէն, որ վիրաբուժութեան ենթարկուի` լիարժէք բուժում ստանալու համար, այս մասին յայտնեց «Sport.es» կայքը:
«Ան ստացած է բաւական ծանր վնասուածք մը, եւ անոր վիճակը շատ լուրջ է: Իրադարձութիւններու անյաջող զարգացման պարագային, անոր ամբողջական ապաքինման համար կը պահանջուի 6-8 ամիս: Սակայն հակառակ պարագային, կրնանք խօսիլ 3-3,5 ամսուան մասին միայն», այս մասին յայտնեց երկրին լաւագոյն բժիշկներէն Փետրօ Լուիս Ռիփոլ: