Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Եուրոփա Լիկ»-ի մրցաշարքին 4-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր կը կատարուին բազմաթիւ ճակատումներ:
Իտալական Ա. Էս. Ռոման, որուն մաս կը կազմէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, հիւրը պիտի ըլլայ Քլուժի:
Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: