Երէկ` չորեքշաբթի, 25 նոյեմբերին, մահացաւ աշխարհահռչակ ֆութպոլիստ, աշխարհի ախոյեան արժանթինցի աստղ Տիեկօ Մարատոնա` 60 տարեկան հասակին: Ան ծնած էր 30 հոկտեմբեր 1960-ին:
Անոր մահուան այս լուրը ցնցեց գրեթէ ամբողջ մարզական աշխարհը, մանաւանդ` ֆութպոլասէրները:
Նշուեցաւ, որ երկու շաբաթ առաջ ան դուրս եկած էր հիւանդանոցէն, ուր ուղեղային վիրաբուժութեան ենթարկուած էր:
Միջազգային մարզական մամուլը յայտնեց, որ ան ունեցած է սրտի կաթուած, եւ բժիշկները չեն յաջողած փրկել անոր կեանքը:
Կարգ մը լրատուամիջոցներ յայտնեցին, որ թմրեցուցիչի եւ ոգելից ըմպելիներու քիչ մը շատ գործածութիւնը անոր կողմէ եղած է անոր մահուան գլխաւոր դրդապատճառը: Ան միշտ ալ ունեցած է առողջական խնդիրներ:
Վստահաբար բոլոր ֆութպոլասէրները կը յիշեն անոր «Աստուծոյ ձեռքը» անուանումը 1986-ի Մոնտիալին Անգլիոյ բերդին մէջ ձեռքով նշանակած անոր կոլին համար:
Մարատոնայի մահուան առիթով Արժանթինի նախագահ Ալպերթօ Ֆերնանտեզ երէկ երկրի ամբողջ տարածքին եռօրեայ սուգ յայտարարեց: