Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Խորէն Բայրամեան ընդգրկուեցաւ Ռուսիոյ ֆութպոլի «Փրեմիեր լիկ»-ի խորհրդանշական հաւաքականին մէջ:
Ինչպէս հաղորդած էինք, 15-րդ հանգրուանին անոր կազմը` Ռոսթով, որ հիւրը եղաւ Ռուպին Քազանին, արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Ռոսթովի այս յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ նոյնինքն Բայրամեան, որ տուպլէ մը իրագործեց 55-րդ եւ 76-րդ վայրկեաններուն:
Այս յաղթանակէն ետք, Ռոսթով բարձրացաւ 5-րդ դիրք` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 26 կէտ: Պարագլուխի դիրքը 32 կէտով կը գրաւեն Մոսկուայի բանակայինները: