Միացեալ Նահանգներու պասքեթպոլի ֆետերասիոնին` «Էն. Պի. Էյ.»-ի այս տարեշրջանի «Օլ Սթար»-ի մրցումը յետաձգուեցաւ, այս մասին յայտնեց ամերիկեան մարզական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ այս մրցումը յետաձգուեցաւ մինչեւ 2024: Անիկա տեղի պիտի ունենայ 16-18 փետրուարին:
2022-ի «Օլ Սթար»-ի մրցումը տեղի պիտի ունենայ Քլիվլենտի մէջ, իսկ 2023-ինը` Սոլթ Լէյք Սիթիի մէջ:
Նշենք, որ անիկա ցուցադրական մրցում մըն է, որ կը կատարուի իւրաքանչիւր տարեշրջանին մեկնարկը տրուելէն առաջ:
Անիկա առաջին անգամ տեղի ունեցաւ 2 մարտ 1951-ին, Պոսթըն Կարտընի մէջ: