Արաբական Հեծելարշաւի ֆետերասիոնը յառաջացուց հեծելարշաւի զարգացման եւ վերաորակաւորման կեդրոնի գործադիր խորհուրդը, բաղկացած` 9 անդամներէ, գլխաւորութեամբ` շէյխ Ֆայսալ Պըն Հմայէտի:
Սոյն խորհուրդին մաս կը կազմէ Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէի անդամ, Լիբանանի եւ Ֆրանսախօս երկիրներու հեծելարշաւի ֆետերասիոններու նախագահ, ինչպէս նաեւ Ասիական եւ Արաբական հեծելարշաւի ֆետերասիոններու անդամ, ՀՄԸՄ-ական Վաչէ Ծատուրեանը:
Նշենք, որ Շարժայի էմիրութեան մէջ ստեղծուած այս կեդրոնը կը միտի զարգացնել արաբական աշխարհի հեծելարշաւի մարզը` պատրաստելով հեծելարշաւի բոլոր մարզերուն ուսումնական յառաջադէմ ու մշակուած համահունչ ծրագիրներ եւ զարկ տալով արաբական աշխարհի բոլոր հեծելանւորդներուն զարգացումին:
Վերոյիշեալ կեդրոնը իր աշխատանքներուն պիտի սկսի յունուար 2021-էն սկսեալ: