Երէկ` երեքշաբթի, 24 նոյեմբերին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը պաշտօնական նամակ մը յղեց Լիբանանի կրթութեան նախարար Թարեք Մաժզուպին:
Ֆետերասիոնը նախ եւ առաջ շնորհաւորեց նախարարը եւ այս նախարարութեան մէջ աշխատող բոլոր անձերը իրենց տքնաջան աշխատանքին համար` նշելով, որ անոնք ոչ մէկ ճիգ կը խնայեն, որպէսզի լիբանանցի աշակերտներուն առցանց կամ բնականոն դասընթացքները ընթանան հեզասահ եւ անոնք յաջողութեամբ աւարտեն 2020-2021 տարեշրջանը:
Նամակին մէջ նշուեցաւ, որ յառաջիկայ օրերուն ընթացքին, Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը երկու կարեւոր մրցումներ ունի կատարելիք` Ասիոյ պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքին գծով:
Այս իրողութենէն մեկնելով` ֆետերասիոնը նախարարէն խնդրեց, որ ուրբաթ, 27 նոյեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:00-էն սկսեալ առցանց դասաւանդութիւնները դադրեցնէ, որպէսզի բոլոր լիբանանցիները միասնաբար քաջալերեն իրենց երկրին ազգային խումբը եւ հետեւին ուղղակիօրէն պատկերասփռուող մրցումին: