«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» Քարթինկի 2020 Տարուան Տիտղոսակիրներու Մրցանակաբաշխութիւն
Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ կազմակերպուեցաւ «Փիթ-Սթափ»-ի վազքուղիին մէջ (Զուք Մոսպեհ), «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» կատարեց քարթինկի 2020 տարուան տիտղոսակիրներուն մրցանակաբաշխութիւնը:
Անոր ներկայ գտնուեցան «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի շարք մը պատասխանատուներ, որոնք շնորհաւորեցին բոլոր մրցանակակիրները եւ անոնց մաղթեցին նորանոր յաջողութիւններ:
Տեղի ունեցան «Ռոթաքս Միքրօ Մաքս»-ի (7-10 եւ 10-12 տարեկան), «Ռոթաքս Ժունիոր Մաքս»-ի (12-14 տարեկան), «Ռոթաքս Սինիոր Մաքս»-ի (14 տարեկան եւ վեր) եւ «Ռոթաքս ՏԻ. ՏԻ. ԹՈՒ.»-ի մրցանակաբաշխութիւնը:
Կազմակերպիչ յանձնախումբը յատուկ կերպով պարգեւատրեց Քրիսթոֆըր Ֆըղալին (10 տարեկան), որ տիրացած էր Փորթուգալի մէջ տեղի ունեցած «Ռոթաքս Մաքս Ինթըրնեշընըլ Թրոֆի» տիտղոսին:
Լուսանկարները տրամադրեց`
«ԷՄ. ԷՄ. ԷՍ.-ՌԷՅՍԻՆԿ»
Share This Article
CATEGORIES Մարզական