Քութինիօ Կրնայ Շուրջ 4 Ամիսով Բացակայիլ Դաշտերէն
Քաթալոնական Պարսելոնային մաս կազմող պրազիլցի միջնապահ Ֆիլիփ Քութինիօ կրնայ շուրջ 4 ամիսով բացակայիլ ֆութպոլի դաշտերէն, այս մասին յայտնեց սպանական մամուլը:
28 տարեկան ֆութպոլիստը նախանցեալ օր վնասուածք ստացաւ Էյպարի դէմ տեղի ունեցած «Լա Լիկա»-ի մրցումին (16-րդ հանգրուան), որուն ընթացքին դաշտ ներկայացած էր 66-րդ վայրկեանին եւ մրցումը անաւարտ ձգած:
Պրազիլցին, որ վիրաբուժութեան պիտի ենթարկուի, 2-4 ամիսով պիտի բացակայի դաշտերէն:
Ան այս տարեշրջանին Պարսայի հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ 12 մրցումի` նշանակելով 2 կոլ եւ կատարելով 2 էսիսթ:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական