Մարզական

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  Անսար Հանդիսացաւ Երթի Ախոյեան

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Անսար Հանդիսացաւ Երթի Ախոյեան

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումները: Անսար 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ախա Ահլի Ալէյի, հանդիսացաւ երթի ախոյեան: Նըժմէ գրաւեց երկրորդ դիրքը` 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Շապապ Սահելի: Մնացեալ մրցումներուն, Սաֆա 5-0 արդիւնքով յաղթեց Սալամ Զղարթայի, Պըրժ` Շապապ Ղազիէի (3-0), Շապապ Պըրժ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Թատամոն Սուրի հետ, մինչ Ահտ-Թրիփոլի...

Լիբանանի Քարաթէի Ֆետերասիոնի  Ընտրութիւններ

Լիբանանի Քարաթէի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ

Նախորդ շաբաթավերջին «Քոմֆորթ» պանդոկին մէջ (Հազմիէ) տեղի ունեցան Լիբանանի քարաթէի նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւնները: Այս ընտրութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ֆետերասիոնին մօտ անդամագրուած եւ քուէարկելու իրաւունք ունեցող բոլոր 28 ակումբները: Նախագահ վերընտրուեցաւ Մուսա Ֆաթթուշ: Ֆետերասիոնին մաս կը կազմէ նաեւ Ժորժ Եիրիքեան:  

Մխիթարեան Ճանչցուեցաւ Ա. Էս. Ռոմայի  Դեկտեմբեր Ամսուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Մխիթարեան Ճանչցուեցաւ Ա. Էս. Ռոմայի Դեկտեմբեր Ամսուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան ճանչցուեցաւ Ա. Էս. Ռոմայի դեկտեմբեր ամսուան լաւագոյն ֆութպոլիստը: Հռոմեան կազմին պաշտօնական կայքին վրայ տեղի ունեցած քուէարկութեան արդիւնքին լոյսին տակ, 31 տարեկան Մխիթարեան ապահովեց ամէնէն շատ քուէները: Նշենք, որ ան 25 դեկտեմբեր 2020-ին ընտրուած էր Հայաստանի տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը` 10-րդ անգամ ըլլալով:

Ճատրակ.  Լեւոն Արոնեան Գրաւեց Երկրորդ Դիրքը

Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան Գրաւեց Երկրորդ Դիրքը

Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ «Էրթինկզ Մասթըրզ»-ի ճատրակի առցանց մրցաշարքին, հանդիսացաւ երկրորդ, երբ աւարտականին պարտուեցաւ Թէյմուր Ռաճապովէն (Ազրպէյճան): Երկրորդ դիրքը գրաւելուն համար Արոնեան պիտի ստանայ 40 հազար ամերիկեան տոլար պարգեւավճար, մինչ տիտղոսակիրը` 60 հազար ամերիկեան տոլար:

ՖԻՏԷ.  Արոնեան Մնաց Իր Դիրքին Վրայ

ՖԻՏԷ. Արոնեան Մնաց Իր Դիրքին Վրայ

Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան պահեց իր դիրքը, Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին` ՖԻՏԷ-ին կողմէ հրապարակուած աշխարհի նոր դասաւորման մէջ: Արոնեան, որ 2020 տարին աւարտած էր 6-րդ դիրքին վրայ, պահեց իր դիրքը յունուար ամսուան դասաւորման մէջ: Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնուս Քարլսըն: Հայաստանը ներկայացնող ճատրակ խաղացողներէն Գաբրիէլ Սարգսեան կը գտնուի 53-րդ դիրքին վրայ, Կարէն Գրիգորեան` 73-րդ, իսկ Հրանդ...

Անտրէ Քալիսիր Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ  Ասպարէզը Պիտի Շարունակէ Յունաստանի Մէջ

Անտրէ Քալիսիր Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը Պիտի Շարունակէ Յունաստանի Մէջ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Անտրէ Քալիսիր ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Յունաստանի մէջ: Շուէտական Կէօթըպըրկէն հեռացած 30 տարեկան Քալիսիր այսուհետեւ ելոյթ պիտի ունենայ Ափոլլոն Սմիրնիսի հետ: Ան 2018-էն ի վեր մաս կը կազմէ Կէօթըպըրկի եւ մինչեւ 2021-ի ամառը պայմանագրութիւն մը ստորագրած էր իր խումբին հետ: Իր կազմին հետ, ան ընդամէնը կատարեց 97 մրցում (աւարտած ախոյեանութեան ընթացքին 17 մրցում)`...

Տէ Խէա Գերազանցեց Ռոյ Քինի  15 Տարուան Մրցանիշը

Տէ Խէա Գերազանցեց Ռոյ Քինի 15 Տարուան Մրցանիշը

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր Լիկ»-ի 17-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ կատարուած մրցումներուն, մասնակցելով Ասթոն Վիլայի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (2-1), Մանչեսթըր Եունայթըտի սպանացի բերդապահ Տաւիտ Տէ Խէա գերազանցեց ակումբին մաս կազմած իրլանտացի Ռոյ Քինի 15 տարի առաջ հաստատած մրցանիշը: 30 տարեկան բերդապահը, որ մանչեսթըրեան ակումբին հետ կատարեց իր 327-րդ մրցումը, հանդիսացաւ ակումբին պատմութեան մէջ ամէնէն շատ մրցում կատարած օտար ֆութպոլիստը: Ռոյ Քին...

Քաւանի 3 Մրցումով Կախակայուեցաւ Եւ Տուգանքի Ենթարկուեցաւ

Քաւանի 3 Մրցումով Կախակայուեցաւ Եւ Տուգանքի Ենթարկուեցաւ

Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ Մանչեսթըր Եունայթըտին մաս կազմող ուրուկուէյցի յառաջապահ Էտինսոն Քաւանի 3 մրցումով կախակայուեցաւ` ցեղապաշտական բնոյթի գծով իր կատարած յայտարարութեան համար: Ասկէ բացի, ան ստացաւ նաեւ 100 հազար սթերլինկի տուգանք մը, յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Սաութհեմփթընի դէմ տեղի ունեցած «Փրեմիեր Լիկ»-ի մրցումէն ետք (10-րդ հանգրուան), ան «Ինսթակրամ»-ի իր էջին վրայ պատասխանելով իր հետեւորդներէն մէկուն, ըսած էր. «Կրասիաս...

Մաուրիցիօ Փոքեթինօ Պաշտօնապէս  Ստանձնեց Իր Նոր Պաշտօնը

Մաուրիցիօ Փոքեթինօ Պաշտօնապէս Ստանձնեց Իր Նոր Պաշտօնը

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն յայտարարեց, որ արժանթինցի մասնագէտ Մաուրիցիօ Փոքեթինօ պաշտօնապէս ստանձնեց իր նոր պաշտօնը` դառնալով ակումբին նոր գլխաւոր մարզիչը: Այսպիսով, 48 տարեկան Փոքեթինօ փոխարինեց գերմանացի Թոմաս Թուխելը, որ նախորդ 29 դեկտեմբերին կորսնցուց իր պաշտօնը: Արժանթինցիին վերջին ակումբը եղած էր լոնտոնեան Թոթենհամը, ուրկէ ան հեռացած էր նոյեմբեր 2019-ին: Ան եղած է նաեւ Էսփանիոլի (2009-2012) եւ Սաութհեմփթընի (2013-2014) մարզիչ:...

«Լա Լիկա».  Սուարեզ Կերտեց Աթլեթիքօ  Մատրիտի Յաղթանակը

«Լա Լիկա». Սուարեզ Կերտեց Աթլեթիքօ Մատրիտի Յաղթանակը

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա Լիկա»-ի 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն, մայրաքաղաք Մատրիտի երկու կազմերը յաղթանակներ արձանագրեցին: Երկրին գործող ախոյեանը` Ռէալ Մատրիտ 2-0 արդիւնքով յաղթեց Սելթա Վիկոյին: Լուքաս Վասքուես (6-րդ) եւ Մարքօ Ասենսիօ (53-րդ) նշանակեցին Ռէալի երկու կոլերը: Իսկ Աթլեթիքօ Մատրիտ, որ հիւրը եղաւ Ալաւեսի, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Մրցումին վերջին վայրկեանին, Պարսելոնայի նախկին ուրուկուէյցի յառաջապահ Լուիս Սուարեզ նշանակեց Աթլեթիքոյի յաղթական կոլը:...

«Քալչիօ».  Ա. Էս. Ռոմա Տարին Սկսաւ Յաղթանակով

«Քալչիօ». Ա. Էս. Ռոմա Տարին Սկսաւ Յաղթանակով

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ա. Էս. Ռոմա, որ Հռոմի մէջ հիւրընկալեց Սամտորիան, 2021 տարին սկսաւ յաղթանակով, երբ արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմին կոլը նշանակեց պոսնիացի յառաջապահ Էտին Ծեքօ (72-րդ վայրկեանին)` տեղացող զօրաւոր անձրեւուն տակ: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր, մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին: Յաղթանակներ արձանագրեցին նաեւ Միլանօ...

«Պունտըսլիկա».  Պայէրն Միւնիխի  Տպաւորիչ Յաղթանակը

«Պունտըսլիկա». Պայէրն Միւնիխի Տպաւորիչ Յաղթանակը

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Պայէրն Միւնիխ, արձանագրեց տպաւորիչ յաղթանակ մը, երբ Մայնց-05-ի դէմ իր կատարած մրցումին 5-2 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին, հակառակ անոր որ Ա. կիսախաղին 2-0 արդիւնքով պարտուած էր: Պայէրնի վերջին երկու կոլերը նշանակեց լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի (76-րդ` փենալթի-ով եւ 83-րդ): Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Պորուսիա Տորթմունտ, որ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Պրէյնըրզ Ակադեմիայի Թրի Փոյնթի  Եւ Ցուցադրական Մրցաշարք

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պրէյնըրզ Ակադեմիայի Թրի Փոյնթի Եւ Ցուցադրական Մրցաշարք

Արտօնութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան, Պրէյնըրզ ակադեմիան Միշել Սլէյմանի անուան մարզահամալիրին մէջ (Ժիպէյլ) կազմակերպեց թրի փոյնթի եւ ցուցադրական մրցաշարք մը: Անոր ներկայ գտնուեցան ակադեմիային հիմնադիրները` Ռեպեքա, Ռոտրիկ եւ Ռալֆ Աքըլ, ինչպէս նաեւ այլ մարզիկներ եւ մարզիկներուն ծնողները: Մրցաշարքի աւարտին տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութենէն առաջ, անոնք երեքը շնորհակալութիւն յայտնեցին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին եւ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան, որոնց թափած...

Ճատրակ.  Լեւոն Արոնեան Ապահովեց  Կիսաւարտականի Իր Տոմսը

Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը

Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան, «Էրթինկզ Մասթըրզ» ճատրակի առցանց մրցաշարքի քառորդ աւարտականի երկրորդ ռաունտին եւս յաղթանակ արձանագրելով ամերիկացի Հիքարու Նաքամուրայի դէմ, ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը: Արոնեան յաղթանակ արձանագրեց երկու մրցումներուն: Առաջին ռաունտին Արոնեան արձանագրած էր յաղթանակ մը եւ երեք ճակատում աւարտած` հաւասարութեամբ: Նշենք, որ «Էրթինկզ Մասթըրզ»-ը «Չեմփիընզ Չես Թուր» մրցաշարքին երկրորդ հանգրուանն է: Անիկա վերջ կը գտնէ 3 յունուարին: Տիտղոսակիրը...

Պասքեթպոլ.  Ինկա Մանուչարեան Կը Շարունակէ  Իր Յաջող Ելոյթները Ղազախստանի Մէջ

Պասքեթպոլ. Ինկա Մանուչարեան Կը Շարունակէ Իր Յաջող Ելոյթները Ղազախստանի Մէջ

Ղազախստանի մէջ իրենց աւարտին հասան աղջկանց պասքեթպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան երթի մրցումները: Դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Աքթաուի Քասփիյ խումբը, որուն կազմէն կը շարունակէ յաջող ելոյթներ ունենալ Ինկա Մանուչարեան: Հայաստանի աղջկանց պատանեկան հաւաքականներու նախկին մարզիկը ախոյեանութեան ամէնէն շատ կէտ նշանակող խաղացողներէն մէկն է, յայտնեց Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նշենք, որ Քասփիյի մարզիչներն են հայազգի Բագրատ եւ Համլեթ Առաքելեանները:...

Անտրէ Քալիսիր Մօտ Է Յունական  Ակումբ Տեղափոխուելու

Անտրէ Քալիսիր Մօտ Է Յունական Ակումբ Տեղափոխուելու

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ շուէտական Կէօթըպորկի յետսապահ Անտրէ Քալիսիր շատ հաւանաբար ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտէ Յունաստանի Սուփըրլիկային մէջ: Յունական մամուլին համաձայն, 30 տարեկան ֆութպոլիստով հետաքրքրուած է Ափոլոն Սմիրնիս ակումբը: Ըստ յունական կարգ մը մարզական օրաթերթերու, ան արդէն իսկ կը գտնուի Աթէնքի մէջ (Յունաստան), ուր կը քննարկէ իր ստորագրելիք պայմանագրութեան մանրամասնութիւնները: Նշենք, որ Յունաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանի մրցումներէն...

Կարէն Գիլոյեան. «Առաջին Քայլս Պիտի Ըլլայ  Արցախի Մէջ Մարզադպրոց Բանալ»

Կարէն Գիլոյեան. «Առաջին Քայլս Պիտի Ըլլայ Արցախի Մէջ Մարզադպրոց Բանալ»

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան նոր նշանակուած փոխնախարար Կարէն Գիլոյեանի առաջին քայլը պիտի ըլլայ Արցախի մէջ վերանորոգուած մարզադպրոցի բացման մասնակցիլը: Ան ըսաւ, որ երբեք քաղաքականութեամբ չէ զբաղած եւ որեւէ կուսակցութեան անդամ չէ եղած: «Ամբողջ կեանքս մարզաշխարհին մէջ եղած է: Ուժերուս ներած չափով ամէն ինչ պիտի ընեմ, որ առաւելագոյն ձեւով օգտակար դառնամ հայկական մարզաշխարհի յառաջդիմութեան եւ վերելքին», ըսաւ ան: Նշուեցաւ,...

«Էն. Պի. Էյ.» Միլուոքի Պաքսի Պատմական Մրցանիշը

«Էն. Պի. Էյ.» Միլուոքի Պաքսի Պատմական Մրցանիշը

Նիքոլա Եոքիչ Մրցանիշ Մը Հաստատեց Նակեթցի Հետ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ կատարուած մրցումներուն, Միլուոքի Պաքս, որ հիւրը եղաւ Մայեմի Հիթին, արձանագրեց 144-97 արդիւնքով յաղթանակ մը: Այս մրցումին, «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան մէջ հաստատուեցաւ նոր մրցանիշ մը` նկատի ունենալով, որ յաղթական կազմին մարզիկները նշանակեցին 29 թրի փոյնթ: Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր Հիուսթըն Ռոքեթցին, որուն մարզիկները 2019-ին նշանակած...

«Եու. Է. Էֆ.Ա.»  Արարատը` «Չեմփիընզ Լիկ»-ի Բոլոր  Ժամանակներու Վարկանշային Ցանկին Մէջ

«Եու. Է. Էֆ.Ա.» Արարատը` «Չեմփիընզ Լիկ»-ի Բոլոր Ժամանակներու Վարկանշային Ցանկին Մէջ

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն կազմեց «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի բոլոր ժամանակներու դասաւորման պատկերը: Այդ ցանկին մէջ է նաեւ Արարատ, որ 10 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 213-րդ դիրքը, յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ներկայացուած է նաեւ Արարատի վիճակագրութիւնը: Երեւանեան ակումբը մրցաշարքին մասնակցած է միայն մէկ անգամ եւ արձանագրած հետեւեալ արդիւնքը. 5 յաղթանակ, ոչ մէկ հաւասարութիւն, 1 պարտութիւն: Անիկա նշանակած է 14...

Մխիթարեան` Ա. Էս. Ռոմայի 2020 Տարուան  Երկրորդ Լաւագոյն Ռմբաձիգը

Մխիթարեան` Ա. Էս. Ռոմայի 2020 Տարուան Երկրորդ Լաւագոյն Ռմբաձիգը

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ եւ իտալական Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան կը հանդիսանայ իր կազմին 2020 տարուան երկրորդ լաւագոյն ռմբաձիգը: Ան ընդամէնը մասնակցած է 36 մրցումի եւ նշանակած 14 կոլ: Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Էտին Ծեքօ, որ 36 մրցումի ընթացքին նշանակած է 16 կոլ: Լաւագոյն եռեակին մէջ է նաեւ Ճորտըն Վերեթու, որ 38 մրցումի ընթացքին նշանակած է...

Page 554 of 1279 1 … 553 554 555 … 1,279

Արխիւներ