Իտալական Ա. Սէ. Միլան ֆութպոլի ակումբը, Իտալիոյ մէկ դատարանին որոշումով, ստիպուած պիտի ըլլայ 5,3 միլիոն եւրոյի փոխհատուցում վճարել ակումբի նախկին մարզական տնօրէն Զվոնիմիր Պոպանի:
Ակումբը այս տարուան մարտին պաշտօնանկ ըրաւ 52 տարեկան Պոպանը, այդ պատճառով ալ ան դիմեց դատարան եւ տարին իր աւարտին չհասած շահեցաւ իր դատը: