Քաթալոնական Պարսելոնայի մաս կազմող յառաջապահ Լիոնել Մեսսի յայտարարեց, որ չ’ուզեր աջակցիլ ակումբին նախագահական ընտրութիւններուն իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած գործիչներէն ոչ մէկուն:
«Կը նախընտրեմ տեղի ունենալիք այս ընտրութիւններէն ամբողջութեամբ հեռու մնալ, որովհետեւ չեմ ուզեր, որ մարդիկ ընտրութիւններէն ետք ինծի ըսեն, որ այս կամ այն գործիչին հետ էի:
«Պիտի յաղթէ այն թեկնածուն, որ պիտի ստանայ ձայներուն մեծամասնութիւնը: Յոյսով եմ, որ ակումբին յաջորդ նախագահը կը յաջողի լուծել առկայ բոլոր հարցերը», ըսաւ Մեսսի:
Նշենք, որ Պարսելոնայի նոր նախագահի ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 24 յունուար 2021-ին: