Ռէալ Մատրիտի նախկին գլխաւոր մարզիչ ու ֆութպոլիստ Սանթիակօ Սոլարի մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Մեքսիքայի մէջ` նկատի ունենալով, որ ան նշանակուեցաւ Ամերիքայի մարզիչ, այս մասին յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Արժանթինցի 44 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտը, 2019-ին Ռէալ Մատրիտէն հեռանալէն ետք որեւէ խումբի մարզիչը չէր:
Անոր գլխաւորութեամբ Մեքսիքա իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ 9 յունուար 2021-ին: