Կազմակերպութեամբ Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցաւ մարզիչի յատուկ դասընթացք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 47 մարզիչներ:
Անոր հսկեցին Լիբանանի ֆետերասիոնի շարք մը փորձառու միջազգային իրաւարարները:
Աւարտին, ֆետերասիոնը բարձր գնահատեց այս դասընթացքին նկատմամբ մարզիչներուն ցուցաբերած լուրջ մօտեցումը` յոյս յայտնելով, որ ապագային անոնք կը դառնան անուանի մարզիչներ: