Նախանցեալ օր տեղի ունեցած Պարսելոնա-Էյպար մրցումին (1-1), որ կ՛իյնայ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա Լիկա»-ի 16-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, քաթալոնական կազմին համար եղաւ ոչ այդքան յիշատակելի օր մը:
Նշենք, որ խումբին գլխաւոր մարզիչն է Ռոնալտ Քէօման:
Անիկա իր կատարած 15 մրցումէն ապահովեց 25 կէտ, ինչ որ 2003-2004 տարեշրջանէն ետք ակումբին վատագոյն արդիւնքը կը նկատուի:
17 տարի առաջ, Ֆրանք Ռիքաարտի գլխաւորած կազմը 15 մրցումէ ապահոված էր 20 կէտ: