Աթլեթիքօ Մատրիտ Իր Պայմանագրութիւնը Խզեց Տիեկօ Քոսթայի Հետ
Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ Աթլեթիքօ Մատրիտ յայտարարեց, որ իր պայմանագրութիւնը կը խզէ յառաջապահ Տիեկօ Քոսթայի հետ: Ատիկա նախատեսուած էր մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը:
Մատրիտեան ակումբը յայտնեց, որ այս որոշումը ընդունուած է ֆութպոլիստին փափաքով:
Տիեկօ Քոսթայի մօտ յայտնաբերուած «Քորոնա» ժահրէն ետք ի յայտ եկած է երակներու որոշ հիւանդութիւն մը:
Նշենք, որ 32 տարեկան ֆութպոլիստը իր ակումբին հետ իր կատարած 215 պաշտօնական մրցումի ընթացքին նշանակեց 83 կոլ եւ կատարեց 36 էսիսթ:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական