Երէկ` երկուշաբթի, 28 դեկտեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ ֆետերասիոնին հերթական` 20-րդ տարեկան ժողովը:
Ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութեան համաձայն, օրակարգին վրայ ընդգրկուած էր 19 հարց:
Ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեան ներկայացուց իր հաշուետուութիւնը, որմէ ետք, գործադիր կոմիտէի անդամները քուէարկեցին նախորդ տարուան ֆինանսական հաշուետուութեան:
Ապա քննարկուեցաւ նաեւ յառաջիկայ տարուան պիւտճէն:
Ժողովականները նաեւ քննարկեցին ֆութպոլի վերաբերող տարբեր տեսակի հարցեր: