«Լա Լիկա». Պարսելոնա Չկրցաւ Յաղթել Էյպարին
Այսօր` Էլչէ-Ռէալ Մատրիտ
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա Լիկա»-ի 16-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան շարք մը ճակատումներ, մինչ մնացեալ մրցումները տեղի պիտի ունենան այսօր:
Փոխախոյեան Պարսելոնա, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Էյպարը, անոր հետ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով քիչ մը ոչ համոզիչ հաւասարութիւն մը:
8-րդ վայրկեանին դանիացի Մարթին Պրէյթուէյթ ի նպաստ Պարսելոնայի տրուած փենալթին չկրցաւ կոլի վերածել:
Թէեւ ան 25-րդ վայրկեանին նշանակեց կոլ մը, սակայն «ՎԱՐ» համակարգին կրկնութիւնը, այդ կոլը չեղեալ նկատեց օֆ սայտի պատճառով:
57-րդ վայրկեանին սպանացի յառաջապահ Քիքէ նշանակեց հիւր կազմին կոլը, որմէ տասը վայրկեան ետք ֆրանսացի Ուսման Տեմպելէ յաջողեցաւ նշանակել Պարսայի հաւասարութեան կոլը:
Պարսելոնա, որ ցարդ կատարած է 15 մրցում, այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 25 կէտ:
Ինչ կը վերաբերի այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Ռէալ Մատրիտ, հիւրը պիտի ըլլայ Էլչէին: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 22:30-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Այլ մրցումի մը, Աթլեթիքօ Մատրիտ պիտի հիւրընկալէ Կեթաֆէն: