Խառն մենամարտերու` «Պելաթոր»-ի միջին քաշային կարգի ախոյեանի տիտղոսին տիրացած Գեղարդ Մուսասի իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ «Պելաթոր»-ի ծանր քաշայիններու մեծ մրցանակին, այս մասին յայտնեց կազմակերպութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ գործող ախոյեան Վատիմ Նեմքով, Ռայըն Պէյտըր, Էնթընի Ճոնսըն, Ֆիլ Տէյվիս, Քորի Անտերսըն եւ ուրիշներ:
Նշենք, որ Գեղարդ Մուսասի իր նախորդ մենամարտը կատարեց նախորդ 29 հոկտեմբերին, երբ կէտերու տարբերութեամբ յաղթեց պրազիլցի Տուկլաս Լիմային: