«Փրեմիեր Լիկ»-ը Կրնայ Երկու Շաբաթով Դադրիլ
Անգլիական մարզական մամուլը երէկ յայտնեց, որ ակումբները կը քննարկեն «Փրեմիեր Լիկ»-ը երկու շաբաթով ընդհատել, «Քորոնա» ժահրին տարածումին պատճառով:
Ինչպէս ծանօթ է, բացի Էվըրթըն-Մանչեսթըր Սիթի մրցումէն, խնդիրներ կան նաեւ այլ խումբերու մէջ:
Հակառակ անոր որ Շեֆիլտ Եունայթըտի կազմին մէջ եւս կան վերոնշեալ ժահրէն վարակումով դէպքեր, սակայն որոշուեցաւ Պարնլիի դէմ անոր կատարելիք մրցումը կայացնել:
Նշենք, որ վերջին շրջանին «Փրեմիեր Լիկ»-ին մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակումի 18 դրական դէպքեր արձանագրուած են, ինչ որ ամէնէն բարձր ցուցանիշն է նախորդ օգոստոսէն ի վեր:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական