Նախարար Թումանեան Ընդունեց Եւ Պարգեւատրեց Մարզաշխարհի Ներկայացուցիչները
Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Վահրամ Թումանեան ընդունեց 2020 տարուան միջազգային ասպարէզին ընթացքին մետալներու տիրացած մարզիկները:
Իր խօսքին մէջ նախարարը յիշեց արցախեան պատերազմին մասնակից մարզիկները եւ շեշտեց, որ այս պատերազմին ընթացքին բոլորն ալ հայրենիքի զինուոր էին:
«Յոյսով ենք, որ 2021 տարին աւելի լաւ կ’ըլլայ մեր ազգին եւ պետութեան համար: Դուք աւելիին արժանի էք: Մենք միասին ենք եւ պէտք է ամէն ինչ ընենք, որ մեր մարզաշխարհը զարգանայ», ըսաւ նախարարը:
Նախարարին հրամանով պատուոյ գիրերու եւ մետալներու արժանացան շուրջ 50 մարզիկներ, որոնք տարբեր տեսակի նուաճումներու հասած էին միջազգային գետնի վրայ:
Նշենք, որ այս տարուան ընթացքին հայրենի մարզիկները տարբեր տեսակի մարզաձեւերու մէջ տիրացան 22 մետալի:
Ներկայ դրութեամբ Հայաստանէն չորս մարզիկներ` Կորիւն Սողոմոնեան (կռփամարտ), Արթուր Դաւթեան (մարմնամարզութիւն), Կարապետ Չալեան եւ Արթուր Ալեքսանեան (յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտ), ապահոված են ողիմպիականի խաղերուն իրենց տոմսերը: