Երեկոյի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Լիբանանի մէջ գտնուող Ճափոնի դեսպան Ուքուպա Թաքիչիի տան մէջ (Պաապտա), Լիբանանի ժիւտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Ֆրանսուա Սաատէ դեսպանէն ստացաւ յատուկ շքանշան մը:
«Քորոնա» ժահրի համավարակին պատճառով, հրաւիրեալներուն թիւը սահմանափակ էր:
Դեսպանը բարձր գնահատեց այս մարզաձեւին մէջ Սաատէի տարած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ յայտնեց, որ անոր շնորհիւ Լիբանան-Ճափոն փոխադարձ յարաբերութիւնները հասան իրենց առաւելագոյնին:
Իր կարգին, Սաատէ յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց Ճափոնի դեսպանին:
Լուսանկարները՝ «PROFOTO»