Ճատրակ. Արոնեան Դուրս Մնաց «Օփերա Եւրօ Ռափիտ»-ի Մրցաշարքէն
Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան դուրս մնաց «Չեմփիընզ Չես Թուր»-ի «Օփերա Եւրօ Ռափիտ» արագ ճատրակի առցանց մրցաշարքէն: Արոնեան, որ քառորդ աւարտականին գծով մրցեցաւ ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւի հետ, չկրցաւ ապահովել կիսաւարտականի իր տոմսը, հակառակ անոր որ ան իր կատարած վերջին չորս մրցումներուն անոր հետ արձանագրեց 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն: Սակայն նկատի ունենալով, որ ան նախապէս, նոյն իր մրցակիցէն 2,5-1,5 արդիւնքով պարտուած էր,...




















