Մարզական

Մանչեսթըր Սիթի Գարնան Պիտի Վերսկսի  Իր Բանակցութիւններուն` Մեսսիի Հետ

Մանչեսթըր Սիթի Գարնան Պիտի Վերսկսի Իր Բանակցութիւններուն` Մեսսիի Հետ

Անգլիական Մանչեսթըր Սիթի ֆութպոլի ակումբը, որ այս տարեշրջանին լաւ արդիւնքներ ձեռք կը ձգէ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») մրցումներուն ընթացքին, գարնան պիտի վերսկսի իր բանակցութիւններուն` փորձելով իր կազմին միացնել քաթալոնական Պարսելոնային մաս կազմող արժանթինցի 33 տարեկան յառաջապահ Լիոնել Մեսսին, այս մասին յայտնեց «Ի. ԷՍ. ՓԻ. ԷՆ.»-ը: Եոսիփ Կուարտիոլայի գլխաւորած կազմը նախորդ տարեշրջանին փորձած էր ատիկա կատարել, բայց անոր ակումբը այդ...

Ափրիկեան Ֆութպոլ.  Մարոք Տիտղոսը Պահեց Իր Մօտ

Ափրիկեան Ֆութպոլ. Մարոք Տիտղոսը Պահեց Իր Մօտ

Ափրիկէի ֆութպոլի ազգերու ախոյեանութիւնը հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը, գործող ախոյեան Մարոքի եւ Մալիի միջեւ: 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով` Մարոք տիտղոսը պահեց իր մօտ: Յաղթական կազմը իր երկու կոլերը նշանակեց Բ. կիսախաղին: Այսպիսով, այս ախոյեանութեան գծով Մարոք հանդիսացաւ առաջին խումբը, որ յաջորդաբար երկու տարիէ ի վեր կը տիրանայ այս տիտղոսին:

Հայկական Պասքեթպոլ.  «Մետ Ֆոքսիս»` Հայաստանի Բաժակակիր

Հայկական Պասքեթպոլ. «Մետ Ֆոքսիս»` Հայաստանի Բաժակակիր

Շաբաթ, 6 փետրուարին, Միքայի նախկին մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի տղոց պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Վահագնի Սիթի եւ «Մետ Ֆոքսիս»: Վահագնի Սիթի միայն առաջին քորթըրին տիրապետեց (28-25), մինչ մնացեալ երեքին տիրապետեց «Մետ Ֆոքսիս» (51-49, 78-75 եւ 94-93): Կէտի մը տարբերութեամբ` 94-93 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով, «Մետ Ֆոքսիս», որ 2020 թուականի ընթացքին կազմուած էր (Վահագնի...

Արարատ-Երեւանի Երրորդ  Յաղթանակը` Տուպայի Մէջ

Արարատ-Երեւանի Երրորդ Յաղթանակը` Տուպայի Մէջ

Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերող քանի մը խումբեր այս օրերուն ուսումնամարզական հաւաքներ կը կատարեն Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ): Արարատ-Երեւան, որ հաւաք կատարողներէն մէկն է, նախորդ շաբաթավերջին արձանագրեց իր երրորդ յաղթանակը, երբ ֆութպոլի բարեկամական այլ մրցումի մը ընթացքին 4-0 արդիւնքով (կիսախաղ` 2-0) յաղթեց ռուսական Ռոտինայի: Նշենք, որ Վարդան Բիչախչեանի գլխաւորած կազմը իր կատարած առաջին...

Վահան Բիչախչեան` Կոլի Հեղինակ

Վահան Բիչախչեան` Կոլի Հեղինակ

Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Սլովաքիոյ ներկայացուցիչ Ժիլինա 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Թիխիի դէմ (Լեհաստան): Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Վահան Բիչախչեան մրցումին վերջին վայրկեանին նշանակեց իր կազմին յաղթանակի կոլը: Ան դաշտ ներկայացաւ Բ. կիսախաղին: Նշենք, որ Վահան Բիչախչեան 2017-ին Շիրակ Գիւմրիէն տեղափոխուեցաւ Ժիլինա: Ան այս տարեշրջանին Սլովաքիոյ ֆութպոլի ընթացիկ ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ 15 մրցումի, նշանակեց 9...

Հայկական Ֆութպոլ.  Լոռի Յաղթեց Հայաստանի  19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականին

Հայկական Ֆութպոլ. Լոռի Յաղթեց Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականին

Ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը, որ մրցեցաւ Վանաձորի Լոռիին դէմ, անկէ կրեց 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը: Լոռիի կոլերը նշանակեցին Վարդան Բակալեան, Դաւիթ Փարեմուզեան եւ Քլաուտիօ Մարինի Ժունիոր, իսկ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականին ուշացած կոլը (89-րդ)` միջնապահ Ռուբէն Եսայեան, որ մաս կը կազմէ Ուրարտու-2-ին: Նշենք, որ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը 4-6 փետրուարին նոր նշանակուած...

Արթուր Աբրահամ Այցելեց Կռփամարտի Իր Առաջին Դպրոցը

Արթուր Աբրահամ Այցելեց Կռփամարտի Իր Առաջին Դպրոցը

Արհեստավարժ կռփամարտիկ, գերմիջին քաշային կարգի «Տապըլիու. Պի. Օ.»-ի վարկածով աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ, որ կը գտնուի Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ, նախորդ շաբաթավերջին այցելեց Վլատիմիր Ենգիպարեանի անուան կռփամարտի ողիմպիական մանկապատանեկան մարզադպրոց եւ հանդիպում ունեցաւ պատանի մարզիկներուն հետ: «Երեւան: Այցելեցի կռփամարտի իմ առաջին դպրոցս: Հիանալի ժամանակ անցուցինք», նշեց Աբրահամ: Ինչպէս ծանօթ է, վերջերս Արթուր Աբրահամ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կը լքէ կռփամարտի...

Ճատրակ.  Արոնեան Կը Մասնակցի  «Օփերա Եւրօ Ռափիտ» Մրցաշարքին

Ճատրակ. Արոնեան Կը Մասնակցի «Օփերա Եւրօ Ռափիտ» Մրցաշարքին

Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Չեմփիընզ Չես Թուր»-ի «Օփերա Եւրօ Ռափիտ» արագ ճատրակի մրցաշարքին, իր կատարած առաջին 5 հանգրուանի մրցումներուն արձանագրեց 2 յաղթանակ եւ 3 հաւասարութիւն: Առաւելագոյն 5 կէտէն 2,5 կէտ ապահովելով` ան այժմ կը գրաւէ 9-րդ դիրքը: Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Մակնուս Քարլսըն (4 կէտով): Առցանց այս մրցաշարքին մրցանակային ֆոնտը կը կազմէ 100...

Անգլիական Ֆութպոլ.  Լիվըրփուլ Կրեց Ծանր Պարտութիւն Մը  Իր Հիւրէն` Մանչեսթըր Սիթիէն

Անգլիական Ֆութպոլ. Լիվըրփուլ Կրեց Ծանր Պարտութիւն Մը Իր Հիւրէն` Մանչեսթըր Սիթիէն

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 23-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումին, իրարու դէմ մրցեցան երկրի ախոյեան Լիվըրփուլ եւ փոխախոյեան Մանչեսթըր Սիթի: Այս մրցումը աւարտեցաւ Սիթիի յաղթանակով, ասիկա 4-1 արդիւնքով բաւական ծանր պարտութեան մատնեց դաշտին տէրը: Այսպիսով, Լիվըրփուլ 1963-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով կրեց իր երրորդ յաջորդական պարտութիւնը` իր դաշտին վրայ: Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Իլքայ Կիւնտողան (49-րդ եւ...

Իտալական Ֆութպոլ.  Եուվենթուս Յաղթեց  Իր Հիւրին` Ա. Էս. Ռոմային

Իտալական Ֆութպոլ. Եուվենթուս Յաղթեց Իր Հիւրին` Ա. Էս. Ռոմային

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 21-րդ հանգրուանի կարեւոր մրցումներէն մէկուն ընթացքին, երկրին գործող ախոյեանը` Եուվենթուս, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Ա. Էս. Ռոման, արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Հիւրընկալ կազմը իւրաքանչիւր կիսախաղի ընթացքին նշանակեց կոլ մը: Մրցումին հաշիւը 13-րդ վայրկեանին բացաւ փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, մինչ երկրորդ կոլը նշանակեց Ռոժէ Իպանես (69-րդ` սխալմամբ իր բերդին մէջ): Նշենք, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային...

«Պունտըսլիկա».  Պայէրն Յաղթեց, Տորթմունտ Պարտուեցաւ

«Պունտըսլիկա». Պայէրն Յաղթեց, Տորթմունտ Պարտուեցաւ

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 20-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Պայէրն Միւնիխ, ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալով Հերթա Պերլինի դաշտէն: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Քինկզլի Քոման` 21-րդ վայրկեանին: Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Լայփցիկ, որ 3-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ վերջին դիրքին վրայ գտնուող Շալքէի դաշտէն: Անոնց երկուքին արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, անոնց միջեւ կէտերու տարբերութիւնը...

«Էն. Պի. Էյ.».  Սթեֆըն Քարի Նշանակեց 57 Կէտ,  Բայց Ուորիըրզ Պարտուեցաւ

«Էն. Պի. Էյ.». Սթեֆըն Քարի Նշանակեց 57 Կէտ, Բայց Ուորիըրզ Պարտուեցաւ

Երէկ եւ նախանցեալ օր «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուեցան բաւական հետաքրքրական ճակատումներ: Հակառակ անոր որ կատարուեցան 20 մրցումներ, սակայն ոեւէ մարզիկ մը չկրցաւ «թրիփըլ տապըլ» իրագործել: Սթեֆըն Քարի (աջին) եւ Լուքա Տոնքիչ Բաւական անբախտ գտնուեցաւ Սթեֆըն Քարի: Հակառակ անոր որ ան նշանակեց 57 կէտ, սակայն անոր կազմը` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, 134-132 արդիւնքով պարտուած հեռացաւ Տալաս Մավըրիքսի դաշտէն:...

Անսու Ֆաթիի Վերադարձը  Կրնայ Ուշանալ

Անսու Ֆաթիի Վերադարձը Կրնայ Ուշանալ

Քաթալոնական Պարսելոնայի յառաջապահ Անսու ֆաթի թէեւ ենթարկուեցաւ ծունկի յաջող վիրաբուժութեան, սակայն այնպէս կը թուի, թէ անոր վերադարձը պիտի ուշանայ` նկատի ունենալով, որ անոր վերականգնողական փուլը բաւական դանդաղ կ’ընթանայ: Ըստ «Տիարիօ Սփոր»-ի, 18 տարեկան ֆութպոլիստը պէտք էր իր փորձերուն սկսէր նախորդ ամսուան վերջը, սակայն նշուեցաւ, որ անոր ծունկը ցարդ պատրաստ չէ ծանրաբեռնուածութեան: Շատ հաւանական է, որ ան ֆութպոլի դաշտերը վերադառնայ յառաջիկայ...

Ծանրաբարձութիւն. Հայաստանի Ախոյեանութիւն

Ծանրաբարձութիւն. Հայաստանի Ախոյեանութիւն

- Գոռ Մինասեան` Հայաստանի Ախոյեան - Սիմոն Մարտիրոսեան Հանդիսացաւ Երրորդ Երեւանի պետական ողիմպիական մարզական համալսարանին մէջ իր աւարտին հասաւ Հայաստանի ծանրաբարձութեան տղոց եւ աղջկանց 2021 տարուան ախոյեանութիւնը, երբ վերջին օրը կատարուեցան 109 քկ եւ վեր դասակարգի մրցումները (տղաք): Տղոց երկամարտի մրցումներուն, 425 քկ արդիւնք մը արձանագրելով ախոյեանի կոչումը նուաճեց Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերու փոխախոյեան Գոռ Մինասեան: Երկրորդ հանդիսացաւ Վարազդատ Լալայեան (430...

Վարազդատ Հարոյեան Միացաւ Վարդան  Մինասեանի Գլխաւորած Կազմին

Վարազդատ Հարոյեան Միացաւ Վարդան Մինասեանի Գլխաւորած Կազմին

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Վարազդատ Հարոյեան, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ ղազախական Թարազի հետ, այս մասին յայտնեց «Թրանսֆերմարքեթ»: 28 տարեկան ֆութպոլիստը վերջերս հեռացած էր ռուսական Թամպով ակումբէն, որ տնտեսական տագնապի մատնուած ըլլալուն պատճառով սնանկացումի մէջ է: Հարոյեան, որ նախապէս մաս կազմած է նաեւ Ուրալի, Փիւնիկ Երեւանի եւ այլ կազմերու, այսպիսով դարձեալ իրեն մարզիչ պիտի ունենայ Վարդան Մինասեանը, որ...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի  Մրցումներուն Յայտագիրը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

- Այսօր` Եուվենթուս-Ա. Էս. Ռոմա - Վաղը` Լիվըրփուլ-Մանչեսթըր Սիթի Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ պիտի կատարուին շարք մը հետաքրքրական եւ զօրաւոր ճակատումներ: Իտալիոյ մէջ, այսօր բաւական հետաքրքրական հանդիպում մը կը խոստանայ ըլլալ Եուվենթուս- Ա. Էս. Ռոմա մրցումը: Իսկ վաղը` կիրակի, Անգլիոյ մէջ բաւական զօրաւոր ճակատումի մը ընթացքին, իրարու դէմ յանդիման պիտի գան Լիվըրփուլ եւ Մանչեսթըր Սիթի:...

Թենիս.  Կարէն Խաչանով Ապահովեց  Կիսաւարտականի Իր Տոմսը

Թենիս. Կարէն Խաչանով Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը

Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող Կարէն Խաչանով, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Մելպուրնի մէջ (Աւստրալիա) տեղի ունեցող «Կրէյթ Օշըն Ռոտ Ռէյս» թենիսի մրցաշարքին, երէկ իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը: 2-րդ դասուած Խաչանով, որ Բ. հանգրուանին յաղթեց 5-րդ դասուած Քեւին Անտերսոնին (Հարաւային Ափրիկէ)` 6-3 եւ 7-6 արդիւնքով, քառորդ աւարտականին պարտութեան մատնեց նետերլանտցի Պոթիք Վան տէ Զանտշուլփը` 6-7, 7-5...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Մէկ Տարիով  Կախակայեց Այաքսի Բերդապահը

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Մէկ Տարիով Կախակայեց Այաքսի Բերդապահը

Քամերունի ազգային խումբի եւ Այաքս Ամսթերտամի (նետրլանտներ) բերդապահ Անտրէ Օնանաա, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կողմէ մէկ տարիով կախակայուեցաւ խթանիչ դեղերու գործածութեան դէմ դրուած օրէնքը խախտած ըլլալուն համար, յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 24 տարեկան ֆութպոլիստին` նախորդ տարուան 30 հոկտեմբերին յանձնած խթանիչ դեղերու դէմ գործածութեան քննութեան արդիւնքը տուած է դրական պատասխան: Անոր որակազրկումը, որ  ուժի մէջ մտաւ երէկ` ուրբաթ, 5 փետրուարէն...

«Քոփա Տել Ռէյ».  Կիսաւարտականի Մրցումներուն  Վիճակաձգութիւնը

«Քոփա Տել Ռէյ». Կիսաւարտականի Մրցումներուն Վիճակաձգութիւնը

Երէկ` ուրբաթ, 5 փետրուարին, Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը կատարեց Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի («Քոփա Տել Ռէյ») կիսաւարտական հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Քաթալոնական Պարսելոնան իրեն մրցակից պիտի ունենայ Սեւիլլան, մինչ Աթլեթիք Պիլպաոյի մրցակիցը պիտի ըլլայ Լեւանթէն: Պարսելոնա երթի մրցումը պիտի կատարէ իր դաշտին վրայ, իսկ կիսաւարտականի երթի երկրորդ մրցումը Պիլպաոն պիտի կատարէ իր դաշտին վրայ: Նշենք, որ երթի մրցումները տեղի պիտի ունենան 10...

«Էն. Պի. Էյ.»  Լէյքըրզի 17-րդ Յաղթանակը  Եւ Ճէյմսի «Թրիփըլ Տապըլ»-ը

«Էն. Պի. Էյ.» Լէյքըրզի 17-րդ Յաղթանակը Եւ Ճէյմսի «Թրիփըլ Տապըլ»-ը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան երէկ կատարուած մրցումներուն ծիրին մէջ, երկու այլ կազմերու` Եութա Ճեզի եւ Լոս Անճելըս Քլիփըրզի նման, տարեշրջանի իր 17-րդ յաղթանակը արձանագրեց նաեւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ 114-93 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Տենվըր Նակեթցը: Յաղթական կազմէն Լեպրոն Ճէյմս «թրիփըլ տապըլ» մը իրագործեց (27 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ): Այսպիսով, 36 տարեկան Ճէյմս, որ իր արհեստավարժ...

Page 539 of 1279 1 … 538 539 540 … 1,279

Արխիւներ