– Կարէն Խաչանովի Յաղթական Մեկնարկը
– Վինըս Ուիլիըմս Դուրս Մնաց
Հայկական արմատներով ռուս թենիսմեն Կարէն Խաչանով, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Աւստրալիոյ կրան շլեմի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքին, ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը, երբ Ա. հանգրուանին գծով իր կատարած մրցումին 6-3, 6-7, 7-6 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց աւստրալիացի Ալեքսանտր Վուքիչի դէմ:
Անոնց միջեւ այս ճակատումը տեւեց 3 ժամ եւ 12 վայրկեան:
Բ. հանգրուանի ճակատումներուն, 19-րդ դասուած Խաչանով իրեն մրցակից պիտի ունենայ Ռիքարտաս Պերանքիսը (Լիթուանիա):
Տղոց տիտղոսակիր Նովաք Ճոքովիչ (դասուած` առաջին) ապահովեց Գ. հանգրուանի իր տոմսը` 6-3, 6-7, 7-6 եւ 6-3 արդիւնքով պարտութեան մատնելով ամերիկացի Ֆրանսիս Թիաֆոյէն:
Աղջկանց Բ. հանգրուանի մրցումներուն յաղթանակ արձանագրեց նաեւ 39 տարեկան ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմս:
Սակայն անոր քոյրը` Վինըս, Բ. հանգրուանին գծով իր կատարած մրցումին, 6-1 եւ 6-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով իտալացի Սարա Էրրանիէն, դուրս մնաց մրցաշարքէն: