Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան դուրս մնաց «Չեմփիընզ Չես Թուր»-ի «Օփերա Եւրօ Ռափիտ» արագ ճատրակի առցանց մրցաշարքէն:
Արոնեան, որ քառորդ աւարտականին գծով մրցեցաւ ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւի հետ, չկրցաւ ապահովել կիսաւարտականի իր տոմսը, հակառակ անոր որ ան իր կատարած վերջին չորս մրցումներուն անոր հետ արձանագրեց 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն: Սակայն նկատի ունենալով, որ ան նախապէս, նոյն իր մրցակիցէն 2,5-1,5 արդիւնքով պարտուած էր, դուրս մնաց հետագայ պայքարէն:
Այսպիսով, կիսաւարտականի իրենց տոմսերը յաջողեցան ապահովել Մակնուս Քարլսըն, Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւ, Ուեսլի Սօ եւ Թէյմուր Ռաճապով:
Նշենք, որ տիտղոսակիրը կը ստանայ 30 հազար ամերիկեան տոլար: