Փիւնիկ Երեւան Յաղթեց Պիելոռուսիոյ Ախոյեանին
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Շարժա քաղաքին մէջ մարզական հաւաք կատարող Փիւնիկ Երեւան, իր կատարած ֆութպոլի բարեկամական երրորդ մրցումին արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը:
Եղիշէ Մելիքեանի գլխաւորած կազմը այս անգամ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Պիելոռուսիոյ ախոյեան Շախտիոր Սոլիկորսքիի դէմ:
Իր կատարած առաջին մրցումին, հայկական կազմը նոյն արդիւնքով յաղթած էր ռուսական Ռոտինային, իսկ երկրորդին 3-2 արդիւնքով պարտուած էր նոյնինքն Սոլիկորսքիէն:
Վաղը` ուրբաթ, 12 փետրուարին, Փիւնիկ կը մրցի Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկի դէմ (Ռուսիա):
Share This Article
CATEGORIES Մարզական