Փիւնիկի Ֆութպոլիստները Յարգեցին Արցախեան Պատերազմին Զոհուածներուն Յիշատակը
Փիւնիկ-Երեւանի ֆութպոլիստները, իրենց հերթական փորձէն առաջ, յարգեցին խումբին յետսապահ Արթուր Քարտաշեանի եղբօր` Նարեկի եւ արցախեան պատերազմին ընթացքին զոհուած բոլոր նահատակներուն յիշատակը, այս մասին յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշենք, որ այս օրերուն Փիւնիկ ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ, ուր ցարդ կատարած է ֆութպոլի բարեկամական երկու մրցում` արձանագրելով յաղթանակ մը եւ կրելով պարտութիւն մը:
Եղիշէ Մելիքեանի գլխաւորած կազմը ուրբաթ, 12 փետրուարին կը կատարէ բաւական կարեւոր մրցում մը` մրցելով ռուսական Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկի դէմ:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական