Մարզական

Դահուկարշաւ.  Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Հասաւ Իտալիա

Դահուկարշաւ. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Հասաւ Իտալիա

Իր մասնակցութիւնը բերելու համար դահուկարշաւի աշխարհի ախոյեանութեան, լիբանանեան պատուիրակութիւնը երէկ հասաւ Իտալիա: Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Ֆրետի Քէյրուզ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն նաեւ ֆետերասիոնի փոխնախագահ Սելիմ Քէյրուզ, գանձապահ Ռեմոն Սըքքար, Ասիոյ դահուկարշաւի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Եուսեֆ Խալիլ, մարզիչներ` Ռոման Կարսէն (Ֆրանսա) եւ Քրիսթօ Տորովիչ (Սերպիա): Իսկ մարզիկներն են. Մանոն Կուիս, Մարիա Ապու Ժաուտէ, Քարլի-Մարիա Իսքանտար, Նայա Քըրտի (աղջիկներ),...

Էտկար Բաբայեան Պաշտօնապէս Դարձաւ  Ֆ. Ք. Ռիկայի Ֆութպոլիստ

Էտկար Բաբայեան Պաշտօնապէս Դարձաւ Ֆ. Ք. Ռիկայի Ֆութպոլիստ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Էտկար Բաբայեան պաշտօնապէս ունեցաւ իր նոր ակումբը: Նշուեցաւ, որ 25 տարեկան Բաբայեան պաշտօնապէս դարձաւ Ֆ. Ք. Ռիկայի (Լաթվիա) ֆութպոլիստ: Նախորդ 2 փետրուարին Բաբայեան հեռացաւ դանիական Հոպրօ ակումբէն` անձամբ վճարելով իր հրաժարագինը եւ խզելով իր գործող պայմանագրութիւնը: Բաբայեան, որ 2017-ին միացաւ Հոպրոյի, ընթացիկ տարեշրջանին իր կազմին հետ կատարեց 10 մրցում` նշանակելով 5 կոլ եւ կատարելով 2...

Պալքանեան Երկիրներու 20 Տարեկանէն Վար  Աթլեթիզմի Ախոյեանութիւն.  Հայաստան Տիրացաւ Երկու Մետալի

Պալքանեան Երկիրներու 20 Տարեկանէն Վար Աթլեթիզմի Ախոյեանութիւն. Հայաստան Տիրացաւ Երկու Մետալի

Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ իր աւարտին հասաւ պալքանեան երկիրներու 20 տարեկանէն վար աթլեթիզմի ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 16 երկիրներէ եկած շուրջ 200 մարզիկներ: Հայկական մարզական լրատու աղբիւրներ յայտնեցին, որ այս ախոյեանութեան Հայաստանը ներկայացուցին երկու մարզիկներ` Գոռ Բեգլարեան եւ Նարեկ Սրապոնեան: Անոնք երկուքն ալ յաջողեցան մետալի տիրանալ: Մէկ քայլ ոստումի մրցումին, 11 մարզիկներու մէջ, Բեգլարեան արձանագրելով 7,29 մեթր արդիւնք մը,...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Այսօր` Պարսելոնա-Փարիզ Սեն Ժերմեն

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Պարսելոնա-Փարիզ Սեն Ժերմեն

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն, «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 16 փետրուարին հիւրը պիտի ըլլայ քաթալոնական Պարսելոնային: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Մարզիչ Մաուրիցիօ Փոքեթինոյի գլխաւորած կազմը, որ երէկ հասաւ Պարսելոնա, այս մրցումին պիտի մասնակցի առանց պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարի եւ արժանթինցի միջնապահ Անխել Տի Մարիայի: Անոնք երկուքն ալ վիրաւոր...

Տիգրան Բարսեղեան`  Կոլի Եւ Էսիսթի Հեղինակ

Տիգրան Բարսեղեան` Կոլի Եւ Էսիսթի Հեղինակ

Թուրքիոյ մէջ մարզական հաւաք կատարող Ասթանա (Ղազախստան), նախորդ շաբաթավերջին, ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց ռուսական Չայքայի դէմ: Ռուս մարզիչ Անտրէ Թիխոնովի գլխաւորած կազմէն, կոլի եւ էսիսթի հեղինակ դարձաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան, որ մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին: Ասթանայի հիմնական կազմին մէջ եղաւ նաեւ, Հայաստանի ազգային հաւաքականի միջնապահ Վարազդատ Հարոյեան, որ իր կարգին չփոխարինուեցաւ:...

Հայաստանի Ֆութպոլի Աղջկանց Ազգային  Հաւաքականը Սկսաւ Իր Մարզական Հաւաքին

Հայաստանի Ֆութպոլի Աղջկանց Ազգային Հաւաքականը Սկսաւ Իր Մարզական Հաւաքին

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի աղջկանց ազգային հաւաքականը, երէկ` երկուշաբթի, 15 փետրուարին, սկսաւ իր մարզական հաւաքին, որ պիտի տեւէ մինչեւ 22 փետրուար: Այս հաւաքը, որ կը հանդիսանայ 2021 տարուան առաջինը, տեղի կ’ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Նշենք, որ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Մանուկ Սարգսեան, որ հաւաքական հրաւիրեց 25 ֆութպոլիստներ, դարձեալ նկատի առաւ փորձառու մարզիկ...

Ճատրակ.  Ուեսլի Սօ Աւարտականին  Յաղթեց Մակնուս Քարլսընին

Ճատրակ. Ուեսլի Սօ Աւարտականին Յաղթեց Մակնուս Քարլսընին

Ամերիկացի Ուեսլի Սօ տիրացաւ «Մելթուոթըր Չեմփիընզ Չես Թուր»-ի արագ ճատրակի «Օփերա Եուրօ Ռափիտ» առցանց մրցաշարքի տիտղոսին: Աւարտականին Սօ, որ մրցեցաւ աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան, Մակնուս Քարլսընի դէմ, իր յաղթանակը արձանագրեց երկրորդ օրուան ընթացքին իր ձեռք ձգած յաջողութեան շնորհիւ: Անոնց միջեւ առաջին օրուան չորս հանգրուանի ճակատումները աւարտեցան 2-2 հաւասարութեամբ: Երկրորդ օրը սակայն, Սօ առաւելութեան հասաւ 2,5-1,5 արդիւնքով եւ հանդիսացաւ տիտղոսակիր: Կիսաւարտականին Սօ...

Մեսսի Քաթալոնիոյ Ազգային Թանգարանին  Նուիրեց Մրցանիշ Հաստատած Իր Կօշիկները

Մեսսի Քաթալոնիոյ Ազգային Թանգարանին Նուիրեց Մրցանիշ Հաստատած Իր Կօշիկները

Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի, Քաթալոնիոյ արուեստի ազգային թանգարանին նուիրեց իր խաղակօշիկները, որոնց հետ գերազանցած էր մէկ խումբի հետ կոլերու քանակով պրազիլցի անուանի ֆութպոլիստ Փելէի մրցանիշը: Նշենք, որ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 15-րդ հանգրուանին, Ռէալ Վայատոլիտի դէմ ան նշանակած էր իր 644-րդ կոլը: Փելէ 1956-1974 տարիներուն պրազիլական Սանթոսի հետ նշանակած էր 643 կոլ: Մեսսի 2003-էն ի վեր մաս կը...

Ֆրանսական Ֆութպոլ.  Փարիզ Սեն Ժերմեն Բարձրացաւ  Երկրորդ Դիրք

Ֆրանսական Ֆութպոլ. Փարիզ Սեն Ժերմեն Բարձրացաւ Երկրորդ Դիրք

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն, նախորդ շաբաթավերջին իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ երրորդ դիրքէն բարձրացաւ երկրորդ դիրք` 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք իր հիւրին` Նիսին: Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին գերմանացի Ժուլիան Տրեքսլըր (22-րդ) եւ իտալացի Մոյզ Քին (76-րդ): Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, արժանթինցի մարզիչ Մաուրիցիօ Փոքեթինոյի գլխաւորած կազմը ունեցաւ 54 կէտ եւ 2 կէտի առաւելութիւն մը` Լիոնի վրայ, որ իր...

«Քալչիօ». Եուվենթուս Եւ Ա. Սէ. Միլան Պարտուեցան

«Քալչիօ». Եուվենթուս Եւ Ա. Սէ. Միլան Պարտուեցան

- Ա. Էս. Ռոմա` Յաղթական Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Եուվենթուս, կրեց տարեշրջանի իր երրորդ պարտութիւնը, երբ 1-0 արդիւնքով պարտուած հեռացաւ Նափոլիի դաշտէն: Հիւրընկալ կազմը իր կոլը նշանակեց փենալթիով` 31-րդ վայրկեանին: Իր կրած այս պարտութեան պատճառով, Եուվենթուս 3-րդ դիրքէն նահանջեց 4-րդ դիրք` իր տեղը զիջելով Ա. Էս. Ռոմային, որ 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ուտինեզէին, այժմ...

Անխել Տի Մարիա Բացակայ`  Պարսելոնայի Դէմ Կատարուելիք Մրցումէն

Անխել Տի Մարիա Բացակայ` Պարսելոնայի Դէմ Կատարուելիք Մրցումէն

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի մաս կազմող արժանթինցի 32 տարեկան միջազգային միջնապահ Անխել Տի Մարիա, իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Պարսելոնայի դէմ ունենալիք «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումին, այս մասին յայտնեց Ֆրանսայի մայրաքաղաքի կազմին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Սեն Ժերմենի արժանթինցի գլխաւոր մարզիչ Մաուրիցիօ Փոքեթինօ հաստատեց, որ ֆութպոլիստին ստացած վնասուածքը քիչ մը յաւելեալ ժամանակի կը կարօտի ամբողջութեամբ ապաքինելու համար:...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Աթլեթիքօ Մատրիտ-Չելսի Մրցումը`  Չէզոք Դաշտի Վրայ

«Չեմփիընզ Լիկ». Աթլեթիքօ Մատրիտ-Չելսի Մրցումը` Չէզոք Դաշտի Վրայ

Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ն յայտարարեց, որ սպանական Աթլեթիքօ Մատրիտի եւ անգլիական Չելսիի միջեւ տեղի ունենալիք մրցումը, որ կ’իյնայ «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, պիտի կատարուի չէզոք դաշտի վրայ: Փոխան Սպանիոյ, անիկա պիտի կատարուի Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրէշի մէջ` նկատի ունենալով, որ Անգլիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրին տարածման պատճառով, լոնտոնեան կազմը պիտի չկարենայ...

Ռամոս Մերժեց Ռէալ Մատրիտի  Վերջին Առաջարկը

Ռամոս Մերժեց Ռէալ Մատրիտի Վերջին Առաջարկը

Սպանացի միջազգային յետսապահ Սերճիօ Ռամոս կտրուկ կերպով մերժեց իր ակումբին` Ռէալ Մատրիտի կողմէ իրեն ներկայացուած վերջին առաջարկը: «Մունտօ Տեփորթիւօ» յայտնեց, որ արքայական ակումբը իր խմբապետին առաջարկած է 2 տարուան նոր պայմանագրութիւն մը, սակայն... աշխատավարձի 10 տոկոս կրճատումով: Նշուեցաւ, որ Ռէալի կողմէ այս առաջարկը վերջինն էր Ռամոսի համար: Սակայն պէտք է նկատի ունենալ նաեւ այն, որ Սերճիօ Ռամոսի համար աւելի հետաքրքրական...

Մարսելօ Վիրաւորուեցաւ

Մարսելօ Վիրաւորուեցաւ

Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող պրազիլցի միջազգային յետսապահ Մարսելօ 13 փետրուարին ձախ ոտքի վնասուածք մը ստացաւ, այս մասին յայտնեց սպանական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») գծով տեղի ունեցած մրցումի մը ընթացքին, անոր կազմը թէեւ Կեթաֆէի դէմ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, սակայն 32 տարեկան ֆութպոլիստը մրցումին աւարտէն չորս վայրկեան առաջ վիրաւորուեցաւ եւ փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը: Ռէալ Մատրիտի...

Կռփամարտ.  Ամերիկաբնակ Ազատ Յովհաննիսեանի  19-րդ Յաղթանակը

Կռփամարտ. Ամերիկաբնակ Ազատ Յովհաննիսեանի 19-րդ Յաղթանակը

Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակութիւն հաստատած կռփամարտիկ Ազատ Յովհաննիսեան, նախորդ շաբաթավերջին արձանագրեց իր 19-րդ յաղթանակը` արհեստավարժ ռինկի վրայ (19-3-0): Քալիֆորնիոյ նահանգին մէջ տեղի ունեցած 10 ռաունտնոց մենամարտին ընթացքին, Յովհաննիսեան 8-րդ ռաունտին նաք աութի ենթարկեց մեքսիքացի իր մրցակիցը` Էնրիքէ Պերնախը (24-13-0): 32 տարեկան Յովհաննիսեան իր նախորդ մենամարտը կատարած էր 5 սեպտեմբեր 2019-ին, երբ Միացեալ Նահանգներու մէջ յաղթած էր վենեզուելացի Ֆրանքլին Մանզալինային: Նշենք,...

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք.  Ճոքովիչի 300-րդ Յաղթանակը`  «Կրան Շլեմ»-ի Մրցումներուն

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք. Ճոքովիչի 300-րդ Յաղթանակը` «Կրան Շլեմ»-ի Մրցումներուն

Նախորդ շաբաթավերջին շարունակուեցան Աւստրալիոյ թենիսի «կրան շլեմ»-ի միջազգային բաց մրցաշարքին մրցումները: Գործող ախոյեան եւ տղոց թենիսի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող սերպ Նովաք Ճոքովիչ ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը, երբ 7-6, 4-6, 6-1 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթեց քանատացի Միլոս Ռաոնիչին: Այս յաղթանակը Ճոքովիչի համար եղաւ 300-րդը` «կրան շլեմ»-ի մրցաշարքերուն ընթացքին: Քառորդ հանգրուանին, Ճոքովիչ պիտի մրցի գերմանացի 6-րդ դասուած Ալեքսանտր...

Անգլիական Ֆութպոլ.  Մանչեսթըր Սիթի Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը. Լիվըրփուլի 6-րդ Պարտութիւնը` Լայսթըր Սիթիէն

Անգլիական Ֆութպոլ. Մանչեսթըր Սիթի Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը. Լիվըրփուլի 6-րդ Պարտութիւնը` Լայսթըր Սիթիէն

Նախորդ շաբաթավերջին կատարուեցան Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 24-րդ հանգրուանի ճակատումները: Եոսիփ Կուարտիոլայի գլխաւորած կազմը` Մանչեսթըր Սիթի, ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Ժոզէ Մուրինիոյի գլխաւորած կազմը` Թոթենհամը: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Սիթի ունեցաւ եօթը կէտի բաւական հանգիստ առաւելութիւն մը Մանչեսթըր քաղաքի երկրորդ խումբին եւ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Եունայթըտի վրայ, որ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը...

«Լա Լիկա».  Աթլեթիքօ Մատրիտ, Ռէալ Մատրիտ  Եւ Պարսելոնա` Յաղթական

«Լա Լիկա». Աթլեթիքօ Մատրիտ, Ռէալ Մատրիտ Եւ Պարսելոնա` Յաղթական

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 23-րդ հանգրուանի մրցումներուն արձանագրուած արդիւնքներուն լոյսին տակ, դասաւորման առաջին երեք դիրքերուն` Աթլեթիքօ Մատրիտի, Ռէալ Մատրիտի եւ Պարսելոնայի միջեւ գտնուող կէտերու տարբերութիւնը մնաց անփոփոխ` նկատի ունենալով, որ անոնք երեքն ալ յաղթանակ արձանագրեցին: Երկու մրցում նուազ կատարած Աթլեթիքօ Մատրիտ ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 2-1 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Կրանատայի դաշտէն: Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ մատրիտեան երկրորդ խումբը` Ռէալ...

Սիմոն Մարտիրոսեանի Անուան Մարզադպրոցին Շինարարութիւնը Պիտի Սկսի Գարնան

Սիմոն Մարտիրոսեանի Անուան Մարզադպրոցին Շինարարութիւնը Պիտի Սկսի Գարնան

Հայկական լրատու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ Ջրառատ գիւղին մէջ, Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերու փոխախոյեան, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Սիմոն Մարտիրոսեանի (109 քկ) անուան ծանրաբարձութեան մարզադպրոցին նախագիծը պատրաստ է, այս մասին յայտնեց մարզիկին անձնական մարզիչը` Աշոտ Փիլոսեան: Ըստ Փիլոսեանի, շինարարական աշխատանքները պիտի սկսին յառաջիկայ գարնան: «Կը կարծենք, որ մարզադպրոցը պատրաստ պիտի ըլլայ շինարարական աշխատանքներուն սկսումէն 4-5 ամիս ետք: Անիկա նախատեսուած պիտի ըլլայ...

Ռաֆայէլ Նազարեան Նշանակուեցաւ Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Թեքնիք Տնօրէն

Ռաֆայէլ Նազարեան Նշանակուեցաւ Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Թեքնիք Տնօրէն

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ազգային տարիքային տարբեր հաւաքականներու նախկին գլխաւոր մարզիչ Ռաֆայէլ Նազարեան նշանակուեցաւ կազմակերպութեան թեքնիք տնօրէն: Նշուեցաւ, որ ֆութպոլի մասնագէտը պիտի համակարգէ եւ կազմակերպէ Հայաստանի 21 տարեկանէն վար հաւաքականին վերաբերեալ տարբեր տեսակի աշխատանքները: Ան, իրեն օգնական ունենալով Սուրէն Չախալեանը, Արտակ Օսէեանը եւ Մհեր Միրումեանը, ամէնօրեայ դրութեամբ պիտի հսկէ ազգային հաւաքականներու աշխատանքներու, ինչպէս նաեւ պիտի...

Page 537 of 1279 1 … 536 537 538 … 1,279

Արխիւներ