Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին եւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան նախարարին հրամանագիրներով, մարզաշխարհի աւելի քան 40 ներկայացուցիչներ պարգեւատրուեցան` արժանանալով կոչումներու եւ մետալներու:
Այս պարգեւատրումը կատարեց Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան:
Պարգեւատրուողները ստացան կրծքանշաններ եւ մետալներ` մարզաշխարհին մէջ իրենց ունեցած կարեւոր ներդրումին համար:
Անոնցմէ ոմանք ստացան վաստակաւոր մարզիչի պատուոյ կոչումներ, իսկ ուրիշներ` Հայաստանի Հանրապետութեան մարզաձեւի վարպետի կոչում:
Կարէն Գիլոյեան շնորհաւորելով բոլորը ընդգծեց, որ այդ կոչումները թէեւ ուրախացուցիչ են, սակայն այդ պարգեւատրեալներուն աշխատանքը միեւնոյն ժամանակ պէտք է ըլլայ շարունակական, որպէսզի անոնց մարզած մարզիկներն ալ նոյն ձեւով շարունակեն: