Քաթարի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ֆութպոլի ակումբներու ախոյեանութեան մրցաշարքի ծիրին մէջ, երէկ, Պայէրն Միւնիխ կատարեց իր առաջին մրցումը, երբ կիսաւարտականին գծով մրցեցաւ եգիպտական Ահլիին դէմ:
«Չեմփիընզ Լիկ»-ի տիտղոսակիրը, արձանագրելով 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, ապահովեց աւարտականին իր տոմսը:
Յաղթական կազմին երկու կոլերը նշանակեց լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի (17-րդ եւ 86-րդ):
Աւարտականին Պայէրն հինգշաբթի, 11 փետրուարին իր դէմ պիտի ունենայ մեքսիքական Թիկրեսը, որ կիսաւարտականին յաղթեց պրազիլական Փալմէյրասին:
Նշենք, որ Պայէրն միայն մէկ անգամ` 2013-ին տիրացած է այս մրցաշարքի տիտղոսին: