Արարատ-Երեւան Յաղթեց Իր Վերջին Մրցումին
Երէկ` ուրբաթ, 12 փետրուարին, Տուպայէն (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) Հայաստան վերադարձաւ Արարատ-Երեւանի ֆութպոլի պատուիրակութիւնը` այդտեղ, հոն ուսումնամարզական հաւաք մը կատարելէ ետք:
Երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ կազմը, իր կատարած ֆութպոլի բարեկամական վերջին մրցումին, 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց տեղւոյն կազմերէն Ֆիրսան Հըսփանիա խումբին դէմ: Անիկա իր կատարած բարեկամական չորս մրցումներուն ընթացքին արձանագրեց նոյնքան յաղթանակ:
Հայաստան վերադառնալով, Արարատ-Երեւան այժմ պիտի նախապատրաստուի Ուրարտուի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին (Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութիւն), որ պիտի կատարուի 21 փետրուարին, Չարենցաւանի քաղաքային մարզադաշտին վրայ:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական