Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») առաջին հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին, երկրի գործող ախոյեան Ռէալ Մատրիտ այսօր կը հիւրընկալէ Կեթաֆէն:
Ֆրանսացի մարզիչ Զինետտին Զիտանի գլխաւորած կազմը` Ռէալ Մատրիտ լուրջ դժուարութիւններու դիմաց կը գտնուի, իր ունեցած վիրաւոր եւ կախակայուած մարզիկներուն պատճառով:
Մրցումին նախօրեակին, անոր տրամադրութեան տակ մնացած են միայն հիմնական կազմի 12 ֆութպոլիստներ:
Ըստ սպանական մամուլին, ան ստիպուած պիտի ըլլայ այսօրուան այս մրցումին իր կազմին մէջ ընդգրկել Ռէալի երիտասարդական հաւաքականի շարք մը մարզիկները:
Այսօրուան այս մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի` ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):