Ռէալ Մատրիտի խմբապետ Սերճիօ Ռամոս մօտիկ ապագային պիտի ենթարկուի ծունկի վիրաբուժութեան, այս մասին յայտնեց «Մունտօ-Տեփորթիւօ»:
Նշուեցաւ, որ սպանացի յետսապահին ամբողջական ապաքինման համար պէտք պիտի ըլլայ 6-7 շաբաթ:
Եթէ անոր վիրաբուժութիւնը յաջող ընթանայ, ան ֆութպոլի դաշտերը պիտի վերադառնայ ապրիլի սկիզբը:
Ինչպէս ծանօթ է, 34 տարեկան Ռամոսի գործող պայմանագրութիւնը` արքայական ակումբին հետ, նախատեսուած է մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը:
Ան 2005-էն ի վեր մաս կը կազմէ Ռէալ մատրիտին: