22 Տարեկան Նադիրեան Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը
Փիւնիկ Երեւանի 22 տարեկան միջնապահ Արթուր Նադիրեան որոշեց աւարտել ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:
Ան ֆութպոլիստի իր ամբողջ ասպարէզը անցուցած է Փիւնիկի հետ` անոր հետ մէկ անգամ դառնալով Հայաստանի գերբաժակակիր: Ան իր ակումբին հետ ընդամէնը կատարած է 50 մրցում:
Նշուեցաւ, որ անոր տուած այս որոշումին պատճառը հանդիսացաւ անոր ստացած վնասուածքը` նկատի ունենալով, որ ան երկար ժամանակէ ի վեր բուժումի կը հետեւէր եւ ապաքինումի նշաններ ցոյց չէր տար:
Հայկական մարզական լրատուամիջոցներ յայտնեցին, որ ան պարբերաբար հրաւիրուած էր Հայաստանի 17, 19 եւ 21 տարեկանէն վար հաւաքականներ` բոլորին խմբապետ նշանակուելով:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական