Հայաստանի Ֆութպոլի Բարձրագոյն Դասակարգի Ախոյեանութեան Մրցումները` Դարձեալ Համակիրներով
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ «VBET» բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մրցումները, սկսած` 16-րդ հանգրուանէն, դարձեալ տեղի պիտի ունենան համակիրներու ներկայութեան, սակայն միեւնոյն ժամանակ յարգելով «Քորոնա» ժահրին տարածման դէմ յանձնարարուած նախազգուշական միջոցառումները:
Ֆետերասիոնին մրցումներ կազմակերպող յանձնախումբը յայտնեց նաեւ, որ կարգ մը մրցումներուն վայրերը փոխուած են:
Նշուեցաւ նաեւ, որ 16-րդ հանգրուանէն սկսեալ բոլոր մրցումները տեղի պիտի ունենան բնական խոտածածկով մարզադաշտերու վրայ:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական