Սոլսքիար. «Փոկպա Քանի Մը Շաբաթով Պիտի Բացակայի»
Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի նորվեկիացի գլխաւոր մարզիչ Օլէ-Կունար Սոլսքիար երէկ անդրադարձաւ ակումբին մաս կազմող ֆրանսացի յառաջապահ Փոլ Փոկպայի ստացած վնասուածքին տարողութեան եւ անոր ապաքինման ժամկէտին:
«Փոկպայի ապաքինման համար կը պահանջուի քանի մը շաբաթ: Ան միայն երէկ սկսաւ իր վերականգնումի փուլին` բժշկական անձնակազմին հսկողութեամբ:
«Ան շատ կարեւոր ֆութպոլիստ մըն է մեզի համար, եւ չենք պատրաստուիր անոր առողջութիւնը վտանգել եւ ժամանակէն առաջ զայն նկատի առնել մեր կատարելիք մրցումներուն ընթացքին: Հետեւաբար, ստիպուած պիտի ըլլանք սպասել քանի մը շաբաթ», ըսաւ Սոլսքիար:
Նշենք, որ Փոկպա վիրաւորուեցաւ նախորդ շաբաթավերջին, Էվըրթընի դէմ կատարուած մրցումին (3-3):
Share This Article
CATEGORIES Մարզական