7 անգամ «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան տիտղոսին տիրացած անգլիացի անուանի եւ փորձառու վարորդ Լուիս Հեմիլթըն իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց «Մերսետես»-ի հետ, այս մասին յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ նոր սկսելիք ախոյեանութեան աւարտը:
Նշենք, որ ան 9-րդ տարին ըլլալով մաս պիտի կազմէ «Մերսետես»-ին:
Եթէ պատահի, որ ան 2021 տարեշրջանին եւս հանդիսանայ աշխարհի ախոյեան, 36 տարեկան Հեմիլթըն պիտի կոտրէ գերմանացի Միքայէլ Շումախըրը մրցանիշը:



