Հայկական ճատրակի յառաջատար, կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Չեմփիընզ Չես Թուր»-ի «Օփերա Եւրօ Ռափիտ» արագ ճատրակի միջազգային առցանց մրցաշարքին, որոշ չափով բարելաւեց իր դիրքը ընդհանուր դասաւորման մէջ եւ այժմ կը գտնուի 5-րդ դիրքին վրայ:
Ան կատարելով հինգ հանգրուանի մրցումներ, արձանագրեց 2 յաղթանակ, 2 հաւասարութիւն եւ կրեց պարտութիւն մը:
Ան այժմ առաւելագոյն 10 կէտէն ապահոված է 5,5 կէտ:
Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնուս Քարլսըն, որ իր տրամադրութեան տակ ունի 7 կէտ:
Մրցաշարքի մրցանակային ֆոնտը կը կազմէ 100 հազար ամերիկեան տոլար: