Մարզական

Հայրենի Կռփամարտիկներուն  Յաջող Մեկնարկը` Սոֆիայի Մէջ

Հայրենի Կռփամարտիկներուն Յաջող Մեկնարկը` Սոֆիայի Մէջ

Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ տեղի ունեցող կռփամարտի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան: Առաջին օրուան մրցումներուն, յաղթանակներ արձանագրեցին հայրենի չորս կռփամարտիկներ Բենիկ Նիկողոսեան (63 քկ), Գուրգէն Մադոյեան (69 քկ), Գոռ Ներսիսեան (81 քկ) եւ Նարեկ Մանասեան (91 քկ): Նշենք, որ Հայաստան Պուլկարիա մեկնեցաւ 10 կռփամարտիկներով, այս մասին յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:

Հայկական Ֆութպոլ.  Ալաշկերտ Յաղթեց Լոռիին, Շիրակ-Վան  Մրցումը Աւարտեցաւ Հաւասարութեամբ

Հայկական Ֆութպոլ. Ալաշկերտ Յաղթեց Լոռիին, Շիրակ-Վան Մրցումը Աւարտեցաւ Հաւասարութեամբ

Ձմեռնային ընդմիջումէն ետք, երէկ վերսկսաւ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութիւնը, երբ կատարուեցան երկու հանդիպումներ: Վանաձորի Լոռին, որ 7-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին հիւրընկալեց Ալաշկերտ-Երեւանը, անկէ կրեց 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը: Իսկ 4-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին, Չարենցաւանի Վանը 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց իր հիւրին` Շիրակ Գիւմրիին հետ: Ալաշկերտի կոլը 38-րդ վայրկեանին նշանակեց ռուս յառաջապահ Նիքիթա Թանքով: Այս...

Գեղամ Կադիմեան Միացաւ Քայսարի

Գեղամ Կադիմեան Միացաւ Քայսարի

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Գեղամ Կադիմեան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Քայսարի հետ, յայտնեց ղազախական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ան արդէն իսկ փորձառական շրջան մը կ՛անցընէր Քայսարի հետ, որ մարզական հաւաք մը կը կատարէր Թուրքիոյ մէջ: Ղազախստանի ֆութպոլի աւարտած ախոյեանութեան, Քայսար գրաւեց 7-րդ դիրքը: 28 տարեկան ֆութպոլիստին նախորդ ակումբն էր Նեման (Պիելոռուսիա): Անոր հետ ան նախորդ տարեշրջանին մասնակցեցաւ 29 մրցումի` նշանակելով 12...

«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Ա. Էս. Ռոմա-Պրակա Դարձի Մրցումը

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Ա. Էս. Ռոմա-Պրակա Դարձի Մրցումը

Փլէյ օֆի դրութեամբ տեղի ունեցող «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-32-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն մէջ, որոնք պիտի կատարուին այսօր` հինգշաբթի, 25 փետրուարին, խումբերուն թիւը պիտի իջնէ կէսի` նկատի ունենալով, որ անոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ պիտի յստականան 1-16-րդ հանգրուանին հասնող խումբերը: Այսօր մրցում ունի կատարելիք նաեւ` Ա. Էս. Ռոմա, որ իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ փորթուգալեան Պրական: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը...

Ակուերօ Կը Բանակցի Եուվենթուսի,  Ինթեր Միլանի Եւ Պարսելոնայի Հետ

Ակուերօ Կը Բանակցի Եուվենթուսի, Ինթեր Միլանի Եւ Պարսելոնայի Հետ

Անգլիական Մանչեսթըր Սիթիին մաս կազմող 32 տարեկան արժանթինցի յառաջապահ Սերճիօ Ակուերօ կը բանակցի Եուվենթուսի, Ինթեր Միլանի եւ Պարսելոնայի հետ, այս մասին յայտնեց արժանթինեան մամուլը: Ան յայտնեց, որ չի գիտեր, թէ յառաջիկայ տարի ո՛ր խումբին հետ ելոյթ պիտի ունենայ: Ակուերօ, որ 2011-ին փոխան 40 միլիոն եւրոյի Աթլեթիքօ Մատրիտէն միացաւ Սիթիին, մինչեւ 30 յունիս 2021 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է անգլիական ակումբին հետ:...

Ռոնալտօ 21-րդ Դարու Միակ Ֆութպոլիստը,  Որ Կատարած Է 1000 Մրցում

Ռոնալտօ 21-րդ Դարու Միակ Ֆութպոլիստը, Որ Կատարած Է 1000 Մրցում

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան Եուվենթուսին մաս կազմող փորթուգալցի միջազգային յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ հանդիսացաւ 21-րդ դարու (2001-2020) միակ ֆութպոլիստը, որ կատարած է 1000-է աւելի մրցում, այս մասին յայտնեց ֆութպոլի պատմութեան եւ վիճակագրութեան միջազգային ֆետերասիոնը: 36 տարեկան Ռոնալտօ կատարած է 1047 մրցում: Անոր ետին կը գտնուի սպանացի Իքեր Քասիաս (974 մրցում): Իսկ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Տանիէլ Ալվես (969 մրցում):  

Պարսելոնայի Նախագահի Թեկնածու.  «Հաւանական Է, Որ Ձեռք Ձգենք Մպափէն Եւ Հաալանտը»

Պարսելոնայի Նախագահի Թեկնածու. «Հաւանական Է, Որ Ձեռք Ձգենք Մպափէն Եւ Հաալանտը»

Սպանական «ԱՍ» մարզական օրաթերթին համաձայն, քաթալոնական Պարսելոնայի նախագահական ընտրութիւններուն թեկնածութիւնը առաջադրած Թոնի Ֆրեքսա կը յայտնէ, թէ նախագահ ընտրուելու պարագային, յառաջիկայ տարեշրջանին խումբին հետ ելոյթ պիտի ունենան Քիլիան Մպափէ եւ Էրլինկ Պրոթ Հաալանտ: Ան նշեց, որ արդէն իսկ համաձայնութիւն գոյացած է ներդրողի մը հետ, որ ակումբին տրամադրութեան տակ պիտի դնէ 250 միլիոն եւրօ: Ակումբի նախագահի պաշտօնի թեկնածու առաջադրուած են նաեւ Խուան...

«Էն. Պի. Էյ.»  Նեթց Յաղթեց Քինկզին. Հարտեն  Թրիփըլ Տապըլ Մը Իրագործեց

«Էն. Պի. Էյ.» Նեթց Յաղթեց Քինկզին. Հարտեն Թրիփըլ Տապըլ Մը Իրագործեց

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ կատարուած մրցումներուն, Ճէյմս Հարտենի նոր ակումբը` Պրուքլին Նեթց 127-118 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց իր հիւրին` Սաքրամենթօ Քինկզին դէմ: Հարտեն բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով թրիփըլ տապըլ մը իրագործեց (29 կէտ, 11 ռիպաունտ եւ 14 էսիսթ): Տպաւորիչ ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ Սթեֆըն Քարի, երբ անոր կազմը` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, 114-106 արդիւնքով յաղթանակ մը...

Պիչ Վոլիպոլ.  Քազզի-Սալիպա Զոյգը Ապահովեց Աւարտական  Հանգրուաններու Իր Տոմսը

Պիչ Վոլիպոլ. Քազզի-Սալիպա Զոյգը Ապահովեց Աւարտական Հանգրուաններու Իր Տոմսը

Տոհայի մէջ (Քաթար) տեղի ունեցող պիչ վոլիպոլի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող եւ Լիբանանը ներկայացնող Ճօ Քազզի-Շաֆիք Սալիպա զոյգը, շարունակելով իր տպաւորիչ ելոյթներու շարքը, յաջողեցաւ ապահովել աւարտական հանգրուաններու իր տոմսը: Քազզի-Սալիպա զոյգը, իր կատարած վերջին մրցումին, 21-14 եւ 21-14 արդիւնքով յաղթեց թունուզցի զոյգին: Նշենք, որ աւարտական հանգրուաններուն կը մասնակցին 16 խումբեր: Այս առիթով Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Քասուֆ շնորհաւորեց...

Ամալ Պիքֆայա Բարի Ապաքինում  Մաղթեց Ղասսան Սարգիսին

Ամալ Պիքֆայա Բարի Ապաքինում Մաղթեց Ղասսան Սարգիսին

Ինչպէս ծանօթ է, լիբանանցի պասքեթպոլի անուանի եւ փորձառու մարզիչ Ղասսան Սարգիս աւելի քան 15 օրէ ի վեր կը գտնուի հիւանդանոց, ուր բժշկական հոգածութեան կ՛ենթարկուի` նկատի ունենալով, որ ան վարակուած է «Քորոնա» ժահրով: Անոր բարի ապաքինում մաղթեցին շատեր, որոնց կարգին` Ամալ Պիքֆայա ակումբը, որ յոյս յայտնեց, որ ան կը շրջանցէ այս քիչ մը վտանգաւոր փուլը եւ կը վերադառնայ իր նախկին բնականոն...

Ճատրակ.  Գաբուզեան Կը Շարունակէ Մնալ Անպարտելի

Ճատրակ. Գաբուզեան Կը Շարունակէ Մնալ Անպարտելի

Հայաստանի ճատրակի տղոց բարձրագոյն դասակարգի 81-րդ ախոյեանութեան, որ կը կատարուի Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ, երէկ տեղի ունեցան 7-րդ հանգրուանի հանդիպումները: Բոլոր խաղատախտակներուն վրայ ալ յաղթանակներ արձանագրուեցան, եւ ոչ մէկ մրցումի ընթացքին հաւասարութիւն արձանագրուեցաւ: Յաղթանակներ արձանագրեցին Տիգրան Յարութիւնեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան, Յովհաննէս Գաբուզեան, Արման Փաշիկեան, Մամիկոն Ղարիբեան եւ Հայկ Մարտիրոսեան: Այժմ առաւելագոյն 7 կէտէն 6 կէտ ապահովելով առաջին դիրքին...

Հայրենի Ըմբիշները Կը Մեկնին Քիեւ

Հայրենի Ըմբիշները Կը Մեկնին Քիեւ

Հայկական լրատու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի ազատ եւ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականները կը մեկնին Քիեւ (Ուքրանիա)` իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար միջազգային մրցաշարքի մը: Ազատ ոճի հաւաքականին մաս կը կազմեն Կարէն Զուրաբեան (57 քկ), Ռազմիկ Պապիկեան (61 քկ), Գէորգ Թադէոսեան (65 քկ), Հրայր Ալիխանեան, Վարուժան Կաջոյեան, Արման Անդրէասեան (74 քկ), Արման Աւագեան (79 քկ), Յովհաննէս Մխիթարեան (86 քկ), Մարզպետ Գալստեան...

Հայկական Պասքեթպոլ.  Վահագնի Սիթի Եւ Դուին Ապահովեցին  Աւարտականի Իրենց Տոմսերը

Հայկական Պասքեթպոլ. Վահագնի Սիթի Եւ Դուին Ապահովեցին Աւարտականի Իրենց Տոմսերը

Հայաստանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանին մասնակցող խումբերուն անունները յստակացան, երբ տեղի ունեցան կիսաւարտական հանգրուանի մրցումները: Աւարտականին իրարու դէմ կը մրցին նորաստեղծ Վահագնի Սիթին եւ Դուինը, որոնք կիսաւարտականին իրենց կատարած մրցումներուն յաջորդաբար յաղթեցին Ուրարտուին եւ Մետ Ֆոքսին: Այս վերջին երկուքը իրարու դէմ պիտի մրցին երրորդ դիրքի մրցումին: Ցարդ չէ ճշդուած աւարտական հանգրուանի մրցումին թուականը: Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի բաժակի մրցաշարքի աւարտականին...

Մոթոսայքլինկ.  Աշխարհի Կրկնակի Ախոյեանը Մահացաւ  «Քորոնա» Ժահրին Պատճառով

Մոթոսայքլինկ. Աշխարհի Կրկնակի Ախոյեանը Մահացաւ «Քորոնա» Ժահրին Պատճառով

60 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացաւ «ՄՈԹՕ-ՃԻ. ՓԻ.» դասակարգի աշխարհի կրկնակի ախոյեան Ֆաուսթօ Կրեսինի, այս մասին յայտնեց «Կրեսինի Ռէյսինկ» խումբի մամլոյ քարտուղարութիւնը: Անուանի մոթորսիքլեթ քշողը կեանքէն հեռացաւ «Քորոնա» ժահրին պատճառով: Իտալացին շուրջ 2 ամիս պայքարեցաւ այս հիւանդութեան դէմ: Ան 1985-ին եւ 1987-ին աշխարհի ախոյեան հանդիսացաւ «Կարելլի» խումբին հետ, իսկ 1994-ին աւարտեց իր արհեստավարժ ասպարէզը: Ան եղած է նաեւ «Կրեսինի Ռէյսինկ» խումբին...

Աթալանթայի 21 Տարեկան  Ֆութպոլիստը Մահացաւ Քաղցկեղէն

Աթալանթայի 21 Տարեկան Ֆութպոլիստը Մահացաւ Քաղցկեղէն

Իտալական Աթալանթայի փղոսկրեայ ափունքցի ֆութպոլիստ Ուիլի Պրասիանօ Թա Պի մահացաւ, յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 21 տարեկան ֆութպոլիստը երկար ժամանակէ ի վեր կը պայքարէր երիկամունքի քաղցկեղի դէմ: Վերջին ամիսներուն ան կը գտնուէր իր հայրենիքին մէջ: Անոր ակումբը ցաւակցութիւն յայտնեց անոր ընտանեկան պարագաներուն:

«Չեմփիընզ Լիկ».  Այսօր` Աթալանթա-Ռէալ Մատրիտ  Եւ Մէօնշընկլատպախ-Մանչեսթըր Սիթի

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Աթալանթա-Ռէալ Մատրիտ Եւ Մէօնշընկլատպախ-Մանչեսթըր Սիթի

Այսօր` չորեքշաբթի, 24 փետրուարին, «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ պիտի կատարուին երկու մրցումներ: Իտալական Աթալանթան իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Ռէալ Մատրիտը, մինչ այլ մրցումի մը ընթացքին, Գերմանիոյ մէջ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախ պիտի հիւրընկալէ Մանչեսթըր Սիթին: Երկու մրցումներուն ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով): Վերոնշեալ չորս խումբերուն համար ալ յաղթանակը կը նկատուի կարեւոր` դարձի մրցումին...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Չեղեալ Նկատեց Եւրոպայի  19 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Ախոյեանութիւնը

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Չեղեալ Նկատեց Եւրոպայի 19 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Ախոյեանութիւնը

Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն յայտարարեց, որ չեղեալ կը նկատէ Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութիւնը: Վերոնշեալ կազմակերպութիւնը նշեց, որ այս ախոյեանութեան ջնջումը բնականաբար հետեւանք է «Քորոնա» ժահրի համավարակին, որ կը շարունակէ տիրական մնալ աշխարհի տարածքին` խլելով բազմաթիւ մարդոց կեանքերը: Չեղեալ նկատուեցաւ նաեւ նոյն տարիքային դասաւորման Եւրոպայի աղջկանց ախոյեանութիւնը: Նշենք, որ առաջին ախոյեանութեան թուական ճշդուած...

Ռէալ Մատրիտի Նախագահը Հանդիպում Ունեցաւ  Զիտանի Եւ Ֆութպոլիստներուն Հետ

Ռէալ Մատրիտի Նախագահը Հանդիպում Ունեցաւ Զիտանի Եւ Ֆութպոլիստներուն Հետ

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ռէալ Մատրիտի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես երէկ հանդիպում ունեցաւ ակումբի գլխաւոր մարզիչ Զինետտին Զիտանի եւ ֆութպոլիստներուն հետ, նախքան անոնց Իտալիա մեկնումը: 73 տարեկան Փերես Ռէալ Մատրիտի պատուիրակութեան հետ չմեկնեցաւ Պերկամօ, ուր խումբը այսօր` չորեքշաբթի, 24 փետրուարին մրցում մը ունի կատարելիք Աթալանթայի դէմ, «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ: Փերես, որ նոր ապաքինեցաւ «Քորոնա» ժահրէն,...

Պասքեթպոլ.  Լիբանանի Տղոց Ազգային Խումբին  6-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Տղոց Ազգային Խումբին 6-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

Ասիոյ պասքեթպոլի բաժակի զտումի մրցաշարքին գծով իր կատարած 6-րդ եւ վերջին մրցումին, Լիբանանի տղոց ազգային խումբը, որ մաս կը կազմէ Դ. խմբակին, երէկ յետմիջօրէին արձանագրեց իր 6-րդ յաջորդական յաղթանակը, երբ այս անգամ 99-71 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը` Հնդկաստանը: Մանամայի մէջ (Պահրէյն) կատարուած երէկուան այս մրցումին, Մայրիներու կազմը դարձեալ ունեցաւ տպաւորիչ ելոյթ մը: Արդէն իսկ արձանագրուած 4-րդ յաղթանակէն ետք, Լիբանան...

Ճատրակ.  Գաբուզեան Եւ Գաբոյեան  Կը Շարունակեն Մնալ Առաջին

Ճատրակ. Գաբուզեան Եւ Գաբոյեան Կը Շարունակեն Մնալ Առաջին

Երէկ` երկուշաբթի, 22 փետրուարին, Տիգրան Պետրոսեանի ճատրակի տան մէջ շարունակուեցան Հայաստանի ճատրակի տղոց եւ աղջկանց 2021 տարուան բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի հանդիպումները: Տղոց մրցումներուն, Յովհաննէս Գաբուզեան ճերմակ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Սամուէլ Տէր Սահակեանի հետ եւ իր տրամադրութեան տակ ունենալով 5 կէտ, շարունակեց մնալ առաջին դիրքին վրայ: Գաբուզեանէն կէս կէտով ետ կը մնայ Արման Փաշիկեան, որ երէկ սեւ քարերով...

Page 534 of 1279 1 … 533 534 535 … 1,279

Արխիւներ