Փլէյ օֆի դրութեամբ տեղի ունեցող «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-32-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն մէջ, որոնք պիտի կատարուին այսօր` հինգշաբթի, 25 փետրուարին, խումբերուն թիւը պիտի իջնէ կէսի` նկատի ունենալով, որ անոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ պիտի յստականան 1-16-րդ հանգրուանին հասնող խումբերը:
Այսօր մրցում ունի կատարելիք նաեւ` Ա. Էս. Ռոմա, որ իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ փորթուգալեան Պրական:
Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Նշենք, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի կազմը երթին 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Փորթուգալի մէջ: