«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ կատարուած մրցումներուն, Ճէյմս Հարտենի նոր ակումբը` Պրուքլին Նեթց 127-118 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց իր հիւրին` Սաքրամենթօ Քինկզին դէմ: Հարտեն բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով թրիփըլ տապըլ մը իրագործեց (29 կէտ, 11 ռիպաունտ եւ 14 էսիսթ):
Տպաւորիչ ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ Սթեֆըն Քարի, երբ անոր կազմը` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, 114-106 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Նիւ Եորքի մէջ, դաշտին տիրոջ` Նիքսի դէմ: Ան նշանակեց 37 կէտ: