Հայաստանի ճատրակի տղոց բարձրագոյն դասակարգի 81-րդ ախոյեանութեան, որ կը կատարուի Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ, երէկ տեղի ունեցան 7-րդ հանգրուանի հանդիպումները:
Բոլոր խաղատախտակներուն վրայ ալ յաղթանակներ արձանագրուեցան, եւ ոչ մէկ մրցումի ընթացքին հաւասարութիւն արձանագրուեցաւ:
Յաղթանակներ արձանագրեցին Տիգրան Յարութիւնեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան, Յովհաննէս Գաբուզեան, Արման Փաշիկեան, Մամիկոն Ղարիբեան եւ Հայկ Մարտիրոսեան:
Այժմ առաւելագոյն 7 կէտէն 6 կէտ ապահովելով առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Յովհաննէս Գաբուզեան, որ ցարդ պարտութիւն չէ կրած:
Երկրորդ դիրքը 5,5 կէտով կը գրաւէ Արման Փաշիկեան:
Տղոց ախոյեանութեան աւարտին մնացած է 4 հանգրուան:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց ախոյեանութեան, այս հանգրուանին իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ, Մարիա Գէորգեան ապահովելով 5 կէտ գրաւեց դասաւորման պարագլուխի դիրքը:
4,5-ական կէտ ունին Սուսաննա Գաբոյեան եւ Վերոնիքա Խաչատրեան: