Իտալական Աթալանթայի փղոսկրեայ ափունքցի ֆութպոլիստ Ուիլի Պրասիանօ Թա Պի մահացաւ, յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
21 տարեկան ֆութպոլիստը երկար ժամանակէ ի վեր կը պայքարէր երիկամունքի քաղցկեղի դէմ: Վերջին ամիսներուն ան կը գտնուէր իր հայրենիքին մէջ:
Անոր ակումբը ցաւակցութիւն յայտնեց անոր ընտանեկան պարագաներուն: