Անգլիական Մանչեսթըր Սիթիին մաս կազմող 32 տարեկան արժանթինցի յառաջապահ Սերճիօ Ակուերօ կը բանակցի Եուվենթուսի, Ինթեր Միլանի եւ Պարսելոնայի հետ, այս մասին յայտնեց արժանթինեան մամուլը:
Ան յայտնեց, որ չի գիտեր, թէ յառաջիկայ տարի ո՛ր խումբին հետ ելոյթ պիտի ունենայ:
Ակուերօ, որ 2011-ին փոխան 40 միլիոն եւրոյի Աթլեթիքօ Մատրիտէն միացաւ Սիթիին, մինչեւ 30 յունիս 2021 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է անգլիական ակումբին հետ:
Ան այս տարեշրջանին զգալի մէկ մասը չկրցաւ դաշտ ներկայանալ` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով: Իսկ այժմ ապաքինման ընթացքին մէջ է` «Քորոնա» ժահրով վարակուած ըլլալուն պատճառով:
Անոր ֆութպոլի դաշտեր վերադարձը կ՛ակնկալուի յառաջիկայ ամիս: