Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Գեղամ Կադիմեան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Քայսարի հետ, յայտնեց ղազախական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ան արդէն իսկ փորձառական շրջան մը կ՛անցընէր Քայսարի հետ, որ մարզական հաւաք մը կը կատարէր Թուրքիոյ մէջ:
Ղազախստանի ֆութպոլի աւարտած ախոյեանութեան, Քայսար գրաւեց 7-րդ դիրքը:
28 տարեկան ֆութպոլիստին նախորդ ակումբն էր Նեման (Պիելոռուսիա): Անոր հետ ան նախորդ տարեշրջանին մասնակցեցաւ 29 մրցումի` նշանակելով 12 կոլ եւ կատարելով 6 էսիսթ: