Մարզական

Արթուր Ալեքսանեան Եւ Վիք Դարչինեան  Հանդիպում Ունեցան Պատերազմէն Վիրաւորուած  Զինուորներուն Հետ

Արթուր Ալեքսանեան Եւ Վիք Դարչինեան Հանդիպում Ունեցան Պատերազմէն Վիրաւորուած Զինուորներուն Հետ

Ողիմպիական խաղերու ըմբշամարտի ախոյեան, աշխարհի եռակի եւ Եւրոպայի հնգակի ախոյեան, եւրոպական խաղերու յաղթական Արթուր Ալեքսանեան հանդիպում ունեցաւ արցախեան պատերազմին մասնակցած վիրաւոր զինուորներուն հետ: Այս հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Հայաստանի յունահռոմէական ըմբշամարտի հաւաքականին միւս ըմբիշները եւ արհեստավարժ կռփամարտի թեթեւագոյն քաշային կարգի աշխարհի նախկին բացարձակ ախոյեան Վիք Դարչինեան: Անոնց հետ այս հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ծաղկաձորի մէջ, ուր Հայաստանի եւ Պուլկարիոյ հաւաքականները միատեղ...

Հայկական Ֆութպոլ.  Արարատ-Արմենիա Յաղթեց Փիւնիկին

Հայկական Ֆութպոլ. Արարատ-Արմենիա Յաղթեց Փիւնիկին

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին, Արարատ-Արմենիա, որ հիւրընկալեց Փիւնիկը, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմէն կոլի եւ էսիսթի հեղինակ դարձաւ Հայաստանի ազգային հաւաքականի 33 տարեկան յառաջապահ Ալեքսանտր Կարապետեան: Նշենք, որ այս մրցումը Կարապետեանի համար եղաւ նորամուտը` ախոյեանութեան գծով: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Արարատ-Արմենիա այժմ ունեցաւ 21 կէտ` 10 մրցումէ: Իսկ Փիւնիկ, որ...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի Եւ «Եւրոպայի Լիկա»-ի Աւարտականները` Յունիսին

«Չեմփիընզ Լիկ» Այսօր` Աթլեթիքօ Մատրիտ-Չելսի Եւ Լացիօ Ռոմա-Պայէրն Միւնիխ

«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր կը կատարուին բաւական հետաքրքրական, «տաք» եւ զօրաւոր ճակատումներ: Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Աթլելիքօ Մատրիտ պիտի հիւրընկալէ լոնտոնեան Չելսին: Այլ կարեւոր ճակատումի մը ընթացքին, Պայէրն Միւնիխ Իտալիոյ մէջ հիւրը պիտի ըլլայ Լացիօ Ռոմային: Այս երկու մրցումներուն ալ ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Վաղուան յայտագիրին եւս...

Հաալանտ Աշխատավարձի Յաւելում Կը Պահանջէ

Հաալանտ Աշխատավարձի Յաւելում Կը Պահանջէ

Պորուսիա Տորթմունտին մաս կազմող նորվեկիացի 20 տարեկան յառաջապահ Էրլինկ Պրոթ Հաալանտ, Մինօ Ռայոլայի միջոցով (անոր փոխանցման գործողութիւնները կատարողը) գերմանական ակումբէն աշխատավարձի յաւելում կը պահանջէ: Ըստ «Տէյլի Սթար»-ին, ան կը փափաքի, որ իր ակումբը իրեն հետ կնքէ 5 տարուան պայմանագրութիւն մը, շաբաթական 350 հազար եւրօ աշխատավարձով, ինչ որ հինգ տարուան ընթացքին պիտի կազմէ նուազագոյնը 90 միլիոն եւրօ: Նշենք, որ ֆութպոլիստով հետաքրքրուած...

Քալիարի Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը

Քալիարի Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը

Իտալական Քալիարի ֆութպոլի խումբը երէկ պաշտօնանկ ըրաւ իր գլխաւոր մարզիչը` Էօզեպիօ Տի Ֆրանչեսքոն: Ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ անոր հետ պաշտօնազրկուեցան նաեւ մարզիչներու յանձնախումբին մաս կազմող հինգ անդամներ: Նշենք, որ ակումբը անոր հետ, նախորդ 25 յունուար 2021-ին կնքած էր նոր պայմանագրութիւն մը, մինչեւ յունիս 2023: Ան նախապէս եղած է Սասուոլոյի, Ա. Էս. Ռոմայի, Սամտորիայի, Փեսքարայի եւ Լեչէի մարզիչ: Իտալիոյ ֆութպոլի...

Նափոլիի Յառաջապահը Կը Շարունակէ Մնալ  Բժիշկներուն Հսկողութեան Տակ

Նափոլիի Յառաջապահը Կը Շարունակէ Մնալ Բժիշկներուն Հսկողութեան Տակ

Նախորդ շաբաթավերջին, Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 23-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Նափոլիին մաս կազմող նիկերիացի յառաջապահ Վիքթոր Օսիմհեն, Աթալանթայի դէմ կատարուած մրցումին, գլուխէն իր ստացած վնասուածքին պատճառով տեղափոխուեցաւ հիւանդանոց, յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 21 տարեկան ֆութպոլիստը հիւանդանոց հասաւ` իր գիտակցութիւնը կորսնցուցած: Երէկ նշուեցաւ, որ ան Պերկամոյի հիւանդանոցներէն մէկուն  մէջ, կը շարունակէ մնալ բժիշկներու հսկողութեան տակ: Ընթացիկ տարեշրջանին ան Նափոլիի հետ կատարեց 15...

Լուքաքու Կրկնեց Ինթեր  Միլանի 71 Տարուան Մրցանիշը

Լուքաքու Կրկնեց Ինթեր Միլանի 71 Տարուան Մրցանիշը

Իտալական Ինթեր Միլանի պելճիքացի յառաջապահ Ռոմելու Լուքաքու նախորդ շաբաթավերջին Ա. Սէ Միլանի դէմ տեղի ունեցած մրցումին («Քալչիօ») կոլի հեղինակ դառնալով, կարեւոր իրագործում մը կատարեց: 27 տարեկան Լուքաքու կոլի հեղինակ դարձաւ,  միլանեան տերպիի յաջորդաբար չորրորդ մրցումին: Նախապէս այդ մրցանիշը իրագործած էր Պենիթօ Լորենցի` 1950-ին: Իսկ Ա. Սէ. Միլանէն մրցանիշը անցեալին իրագործած է Ռոմէօ Պոնեթթի` 1972-1973 տարեշրջանին: Նշենք, որ Լուքաքու 2019-ի ամրան...

Եուվենթուս Նոր Պայմանագրութիւն Մը  Պիտի Առաջարկէ Պուֆոնին

Եուվենթուս Նոր Պայմանագրութիւն Մը Պիտի Առաջարկէ Պուֆոնին

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան Եուվենթուս մտադիր է երկարաձգել իր պայմանագրութիւնը իտալացի իր բերդապահին` Ճիանլուիճի Պուֆոնի հետ: Իտալական մամուլին համաձայն, 43 տարեկան Պուֆոնի պայմանագրութիւնը նախատեսուած պիտի ըլլայ մինչեւ յառաջիկայ տարեշրջանին աւարտը: Նշուեցաւ, որ Պուֆոն մտադիր է Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մէջ խաղալ մինչեւ 44 տարեկան եւ գերազանցել Մարքօ Մալոթէի մրցանիշը, որ 2008-ին իր վերջին մրցումը կատարեց, երբ 44 տարեկան եւ 38 օրական էր:...

Թենիս.  Նաոմի Օսաքա Բարձրացաւ  2-րդ Դիրք

Թենիս. Նաոմի Օսաքա Բարձրացաւ 2-րդ Դիրք

Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնը երէկ հրապարակեց տղոց եւ աղջկանց միջազգային նոր դասաւորումը: Աղջկանց դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի աւստրալիացի Էշլի Պարթի: Նախորդ շաբաթավերջին, Աւստրալիոյ կրան շլեմի միջազգային տիտղոսին տիրացած ճափոնցի Նաոմի Օսաքա բարձրացաւ 2-րդ դիրք, մինչ 3-րդ դիրք նահանջեց ռումանացի Սիմոնա Հալեփ: Ռուսահայ Մարկարիթա Գասպարեան կը գտնուի 129-րդ դիրքին վրայ (նախապէս` 127-րդ): Ինչ կը վերաբերի տղոց դասաւորման, առաջին դիրքին վրայ...

«Էն. Պի. Էյ.»  Նեթց Յաղթական` Լոս Անճելըսի Մէջ.  Հարտեն Նշանակեց 37 Կէտ

«Էն. Պի. Էյ.» Նեթց Յաղթական` Լոս Անճելըսի Մէջ. Հարտեն Նշանակեց 37 Կէտ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ կատարուած մրցումներուն, Պրուքլին Նեթց կարեւոր յաղթանակով մը վերադարձաւ Լոս Անճելըսէն, ուր 112-108 արդիւնքով յաղթեց դաշտին տիրոջ` Քլիփըրզին: Յաղթական կազմէն Ճէյմս Հարտեն նշանակեց 37 կէտ: Քլիփըրզէն Փոլ Ճորճ նշանակեց 34 կէտ: Նշենք, որ ցարդ տեղի ունեցած մրցումներէն ետք ամէնէն աւելի շատ յաղթանակը արձանագրած է Եութա Ճեզ (24):

Ոչ Եւս Է ՀՄԸՄ-ական Ժաք Պոյաճեան

Ոչ Եւս Է ՀՄԸՄ-ական Ժաք Պոյաճեան

Երէկ` կիրակի, 21 փետրուարին, ՀՄԸՄ-ի ընտանիքը կորսնցուց միութեան կարեւոր դէմքերէն` վաստակաշատ  եղբայր Ժաք Պոյաճեանին: Աւելի քան 70 երկար տարիներ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին ծառայած եւ իր ամբողջ կեանքը միութեան նուիրած 90-ամեայ Ժաք Պոյաճեան այս աշխարհէն կը հեռանայ` իր ետին ձգած քաղցր եւ անմոռանալի յիշատակներ, նկատի ունենալով, որ ան դաստիարակած է սերունդներ` անոնց մէջ դրոշմելով ՀՄԸՄ-ական ոգին: Ան եղած է պասքեթպոլիստ, ֆութպոլիստ,...

Ասիոյ Պասքեթպոլի Բաժակի Զտումի Մրցաշարք  Լիբանանի Տղոց Ազգային Խումբին Տպաւորիչ  Յաղթանակը Պահրէյնի Դէմ` 102-87 Արդիւնքով

Ասիոյ Պասքեթպոլի Բաժակի Զտումի Մրցաշարք Լիբանանի Տղոց Ազգային Խումբին Տպաւորիչ Յաղթանակը Պահրէյնի Դէմ` 102-87 Արդիւնքով

Շաբաթ, 20 Փետրուարին, Լիբանանի Տղոց Պասքեթպոլի Ազգային Խումբը, Որ Պահրէյնի Մայրաքաղաք Մանամայի Մէջ Մրցեցաւ Դաշտին Տիրոջ Դէմ, Արձանագրեց Իր 5-Րդ Յաջորդական Յաղթանակը, 102-87 Արդիւնքով: Այս Մրցումը Կ’իյնայ Ասիոյ Պասքեթպոլի Բաժակի Մրցաշարքի Զտումի Մրցումներուն Ծիրին Մէջ, Որոնց Աւարտական Հանգրուանը Պիտի Կատարուի 16-28 Օգոստոսին, Ինտոնեզիոյ Մայրաքաղաք Ճաքարթայի Մէջ: Պահրէյնի Դէմ Կատարուած Այս Մրցումին, Լիբանանէն Բաւական Տպաւորիչ Ելոյթ Ունեցաւ Ժերար Հատիտեան, Որ Նշանակեց...

Թենիս.   Ճոքովիչ Տիտղոսը Պահեց Իր Մօտ. Օսաքա` Աղջկանց Տիտղոսակիր

Թենիս. Ճոքովիչ Տիտղոսը Պահեց Իր Մօտ. Օսաքա` Աղջկանց Տիտղոսակիր

Երէկ` կիրակի, 21 փետրուարին, իր աւարտին հասաւ Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ տղոց աւարտական մրցումը, աշխարհի թիւ 1 դասուած եւ տիտղոսակիր սերպ Նովաք Ճոքովիչի եւ 4-րդ դասուած ռուս Տանիիլ Մետվետեւի միջեւ: Արձանագրելով 6-3, 6-4 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթանակ մը, Ճոքովիչ յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով հանդիսացաւ այս մրցաշարքին տիտղոսակիրը: Նշենք, որ այսպիսով, 18 կրան շլեմի մրցաշարքերու...

«ՖԻՖԱ»  Հայաստան` 99-րդ Դիրքին Վրայ

«ՖԻՖԱ» Հայաստան` 99-րդ Դիրքին Վրայ

Ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնը` ՖԻՖԱ-ն, նախորդ շաբաթավերջին  հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն նոր դասաւորումը, որ եղաւ 2021 տարուան առաջինը: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի ազգային հաւաքականը մնաց իր նոյն` 99-րդ դիրքին վրայ` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 1233 կէտ: Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի աշխարհի գործող պրոնզէ մետալակիր Պելճիքա: Անոր կը յաջորդեն աշխարհի գործող ախոյեան Ֆրանսա, ապա յաջորդաբար`...

Կիպրական Ֆութպոլ.  Յովհաննէս Համբարձումեան Կերտեց  Իր Ակումբին Յաղթանակը

Կիպրական Ֆութպոլ. Յովհաննէս Համբարձումեան Կերտեց Իր Ակումբին Յաղթանակը

Կիպրոսի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 26-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախանցեալ օր Անորթոսիս, որ հիւրընկալեց Տոքսա Քաթոքափիան, արձանագրեց 1-0 արդիւնքով քիչ մը դժուար, բայց կարեւոր յաղթանակ մը: Անորթոսիսի այս յաղթանակը կերտեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Յովհաննէս Համբարձումեան, 5-րդ վայրկեանին: Համբարձումեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ ամբողջ մրցումին, այսպիսով նշանակեց իր առաջին կոլը` Կիպրոսի ընթացիկ ախոյեանութեան ընթացքին: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն...

«Փրեմիեր Լիկ».  Մանչեսթըր Սիթիի Յաջորդական 13-րդ Յաղթանակը. Լիվըրփուլի Յաջորդական 4-րդ Պարտութիւնը` «Էնֆիլտ»-ի Մէջ

«Փրեմիեր Լիկ». Մանչեսթըր Սիթիի Յաջորդական 13-րդ Յաղթանակը. Լիվըրփուլի Յաջորդական 4-րդ Պարտութիւնը` «Էնֆիլտ»-ի Մէջ

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 25-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Մանչեսթըր Սիթի ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը, բաւական կարեւոր մրցումի մը ընթացքին 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Արսենալի դաշտէն: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Ռահիմ Սթերլինկ` 2-րդ վայրկեանին: Նշենք, որ Եոսիփ Կուարտիոլայի գլխաւորած կազմը ախոյեանութեան գծով վերջին 17 մրցումներուն ընթացքին կը մնայ անպարտելի (15 յաղթանակ, 2 հաւասարութիւն): Արձանագրուած...

«Լա Լիկա».  Ռէալ Մատրիտ Յաղթեց,  Թլեթիքօ Մատրիտ Պարտուեցաւ

«Լա Լիկա». Ռէալ Մատրիտ Յաղթեց, Թլեթիքօ Մատրիտ Պարտուեցաւ

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 24-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Աթլեթիքօ Մատրիտ իր դաշտին վրայ կրեց 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը իր հիւրէն` Լեվանթայէն: Աթլեթիքոյէն Մարիօ Հերմոսօ 30-րդ վայրկեանին սխալմամբ իր բերդին մէջ կոլ մը նշանակեց, մինչ յաղթական կազմը մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+5-րդ) նշանակեց իր երկրորդ կոլը: Անոր կրած այս պարտութենէն մեծապէս օգտուեցաւ անոր անմիջական մրցակիցը, մայրաքաղաքի երկրորդ խումբը`...

«Քալչիօ».  Միլանօ Քաղաքի Տերպին Աւարտեցաւ  Ինթերի Յաղթանակով

«Քալչիօ». Միլանօ Քաղաքի Տերպին Աւարտեցաւ Ինթերի Յաղթանակով

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 23-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումին, երէկ` կիրակի, 21 փետրուարին, իրարու դէմ մրցեցան պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ինթեր Միլանը եւ անոր անմիջական մրցակիցը` Ա. Սէ. Միլան: Միլանօ քաղաքի այս տերպիի մրցումը աւարտեցաւ իտալացի Անթոնիօ Քոնթէի գլխաւորած կազմին` Ինթեր Միլանի յաղթանակով: Վերջինս 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը: Արժանթինցի Լաութարօ Մարթինեզ տուպլէ մը իրագործեց (5-րդ եւ 57-րդ), իսկ երրորդ...

«Պունտըսլիկա».  Պայէրն Միւնիխ Պարտուեցաւ Այնթրախթ  Ֆրանքֆորթէն (2-1)

«Պունտըսլիկա». Պայէրն Միւնիխ Պարտուեցաւ Այնթրախթ Ֆրանքֆորթէն (2-1)

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող եւ երկրին գործող ախոյեան Պայէրն Միւնիխ կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը` Այնթրախթ Ֆրանքֆորթի դաշտին վրայ: Ա. կիսախաղին 2-0 արդիւնքով պարտուած Պայէրն Բ. կիսախաղին նշանակեց իր միակ կոլը` շնորհիւ Ռոպերթ Լեւանտովսքիի (53-րդ): Պայէրնի կրած այս պարտութենէն մեծապէս օգտուեցաւ անոր անմիջական մրցակիցը` Լայփցիկ, որ 3-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Հերթա Պերլինի...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Փորթօ 2013-էն Ետք Նշանակեց  «Փլէյ Օֆ»-ի Ամէնէն Արագ Կոլը

«Չեմփիընզ Լիկ». Փորթօ 2013-էն Ետք Նշանակեց «Փլէյ Օֆ»-ի Ամէնէն Արագ Կոլը

«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, փորթուգալեան Փորթօ Եուվենթուսի դէմ արձանագրուած յաղթանակին ընթացքին (2-1) բաւական կարեւոր իրագործում մը կատարեց` նկատի ունենալով, որ անիկա այս մրցաշարքին «փլէյ օֆ»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ նշանակեց ամէնէն արագ կոլը` 2013-էն ետք: Մրցումին 63-րդ երկվայրկեանին իրանցի յառաջապահ Մեհտի Թարեմի նշանակեց փորթուգալեան կազմին առաջին կոլը: Նշենք, որ ապրիլ 2013-ին Պայէրն Միւնիխի աւստրիացի յետսապահ...

Page 535 of 1279 1 … 534 535 536 … 1,279

Արխիւներ